Կիրակի, 10 ապրիլ 2022-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ‚ որ տագնապներով լեցուն մեր կեանքին մէջ դարձեալ առիթ տուաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ նշելու Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի դրուագը: Սրբազան հայրը, անդրադառնալով յիշեալ դրուագին, պատմական ակնարկ մը նետեց‚ թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդը դիմաւորեց Քրիստոսը‚ որ մուտք գործեց Երուսաղէմ աւանակի մը վրայ նստած:
Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց‚ որ «Ովսաննա» բառը փառաբանութեան արտայայտութիւն մը ըլլալէ աւելի կը նշանակէ` փրկէ՛ մեզ Տէր‚ ազատէ՛ մեզ Տէր այժմ մեր կեանքի պայմաններուն մէջ‚ այլ խօսքով` մեզ դուրս բե՛ր մեր ապրած տագնապներէն եւ մեզ տա՛ր քու հայրական խնամքիդ ու հոգածութեանդ‚ ձերբազատէ՛ մեզ բոլոր այն երեւոյթներէն‚ որոնք կը քայքայեն մեզ, ու պարուրէ՛ մեզ քու հայրական սիրովդ:
Շարունակելով իր պատգամը` Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ‚ որ կը գտնուինք Աւագ շաբթուան սեմին եւ տենդագին կը պատրաստուինք մեր կեանքին մէջ դիմաւորելու այն Փրկիչը‚ զոր Աստուած աշխարհին պարգեւեց, եւ անոր դիմաց պարտինք կանգնիլ հաւատքի կեցուածքով: Սրբազան հայրը ըսաւ‚ որ չի բաւեր Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատմութիւնը վերաքաղի ենթարկել: Չի բաւեր յիշել մեր Տիրոջ յաղթական մուտքը Երուսաղէմ‚ այլ` այս առիթով պէտք է որդեգրել հաւատքի զգացումը‚ որ մեզ պիտի տանի յաղթական կեանքին‚ որուն համար մեր Տէրը աշխարհ եկաւ‚ մեզի համար չարչարուեցաւ‚ խաչուեցաւ‚ թաղուեցաւ‚ բայց նաեւ յարութիւն առաւ‚ որպէսզի մեզ տանի յարութեան կեանքին:
«Մեր առօրեային մէջ շատ անգամ մենք աշխարհի կարգին հետեւելով կը մոռնանք եւ կը կորսնցնենք մեր Տէրն ու Փրկիչը: Կը կորսնցնենք զինք այնպիսի պահերուն, երբ անկումներու մէջ է մեր կեանքը: Մեզ տագնապեցնող պայմանները‚ կարծես մեր առօրեայ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւններն են‚ որոնց մէջ մեր հոգին‚ հոգեւոր մեր բնութիւնը տեղ չունի, եւ զԱստուած կը կանչենք օգնութեան` մոռնալով‚ որ Աստուած հոգիներուն Աստուածն է, մոռնալով‚ որ երկրաւոր մեր կեանքը ժամանակաւոր իրողութիւն մըն է: Կայ նաեւ մնայունը, որուն պէտք է ուղղուած ըլլայ մեր հայեացքը‚ որուն համար ովսաննա պէտք է աղաղակենք եւ խնդրենք Աստուծմէ‚ որ մեզ փրկէ» եզրափակեց Սրբազան Հայրը:
Պատարագի աւարտին նախագահութեամբ Սրբազան Հօր կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը‚ որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայքը: