Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ինքնաշարժի Թափօրով Շրջեցաւ Հայահոծ Շրջաններու Մէջ

Երէկ` կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագին հանդիսապետեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, իսկ պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Օշին ա. քհնյ. Գէորգեան: Սրբազան Հայրը կատարեց նաեւ Անդաստան:

Առցանց հետեւող հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը նախ եւ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթը ընծայեց հայ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ նշելու Քրիստոսի կողմէ դէպի Երուսաղէմ կատարուած վերջին ճամբորդութեան դրուագը, որուն համար աւետարանները կը վկայեն, որ անիկա ցուցական ըլլալու կողքին, նաեւ յաղթական էր, որովհետեւ, մինչ Զատկուան տօնին առիթով Երուսաղէմ հաւաքուող տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները զարմանքով հարց կու տային, թէ ո՞վ էր հսկայ ամբոխի մը առաջնորդութեամբ քաղաք ժամանողը, անդին, դէպի Երուսաղէմ Յիսուսը տանողները, որոնք առաւելաբար զինք լսելու, տեսնելու եւ իր հրաշագործութեանց ականատես ըլլալու պատեհութիւնը ունեցած էին, յաղթանակի իբրեւ նշան արմաւենիի ու ձիթենիի ոստեր ճօճելով եւ յարգանքի իբրեւ արտայայտութիւն իրենց հանդերձները Յիսուսի անցած ճամբուն վրայ տարածելով քաղաքը դղրդացնելով, «Ովսաննա» կ’աղաղակէին, այսինքն` «Փրկէ մեզ Տէր»:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ սովորաբար այս առիթը մենք կը նշենք մեր եկեղեցիներու կամարներուն տակ` տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ  ոգեւորուած մեր մանուկներուն ուրախ ու անմեղ կանչերով` աւելցնելով, որ այս տարի դատարկ են մեր եկեղեցիները, ամայացած են փողոցներն ու քաղաքները, եւ ամբողջ աշխարհը պաշարուած է աներեւակայելի ու յուսահատական տագնապով մը, որ կարծէք գոյութենական անորոշութեան մատնած է նաեւ համայն մարդկութիւնը:

«Այսօր Ծաղկազարդ է, եւ «ծաղկազարդ» բառը իւրայատուկ է մեր ժողովուրդին համար: Ան ծնունդ առած է մեր ժողովուրդի հաւատքէն ու ազգային գիտակցութենէն:  Կարծէք, մեր նախնիները արմաւենիի ու ձիթենիի ոստերուն կողքին, Ծաղկազարդին առիթով ուզած են  Տիրոջ քալած ճամբաներուն վրայ նաեւ տեսնել ու շնչել ծաղիկներուն գեղեցկութիւնն ու անուշահոտ բուրմունքը, հաստատեց Սրբազանը եւ ցաւով յայտնեց, թէ այսօր ժողովուրդը իր զաւակներուն հետ մեր եկեղեցիներուն մէջ չէ` աւելցնելով սակայն, որ մեր ժողովուրդի մանուկներուն կարօտով, մենք որոշեցինք մեր միջավայրին մէջ եկեղեցական թափօր կազմած, Ծաղկազարդի խնդութեան հետ միասին, մեր ժողովուրդին տանիլ մեր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ խունկով ու աղօթքով օրհնուած Ս. պատարագի մասը եւ ձիթենիի ոստեր` միաժամանակ յիշեցնելով, որ մեր Տէրը ինք կու գայ մեզի` մեզ գտնելու համար այսօրուան մեր տագնապահար կեանքի պայմաններուն մէջ:

«Անկասկած, կեանքին մէջ հազար ու մէկ տեսակ երեւակայելի ու աներեւակայելի պատահարներ կան, բայց հաւատքի մարդը այդ բոլորին մէջ իր դաւանած արժէքներով կը մնայ հաստատ ու կանգուն: Հետեւաբար, այս օրերու մշուշապատ ու անհորիզոն պայմաններուն մէջ, երբ դժուար է հաւատքը պահելը, երբ դժուար է յոյս գտնելը եւ դժուար մեր անձերէն դուրս տեսակաւոր կարիքներու մատնուած ուրիշը նշմարելն ու սիրելը, Աստուծոյ լոյսին դառնանք, որպէսզի Ան, մեր սրտին ճամբան գտնելով, պայծառացնէ մեր հոգին` զայն դարձնելով աւելի փայլուն, քան աստղազարդ երկինքը», շեշտեց Սրբազանը, հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը ամէնէն շատ տագնապներ ճանչցած ու տառապած ժողովուրդներէն մէկն է: Բազում անգամ ինկած, սակայն միշտ ոտքի կանգնած ու վերականգնած է մեր կեանքը, այստեղ` Լիբանանի տարածքին ու ամէն տեղ, որովհետեւ մեր պատմութեան դարաւոր փոթորիկներուն մէջ, մեր ժողովուրդը հոգեւոր կեանքի տեսլականով ըմբռնած է աշխարհի մութն ու խաւարը եւ միշտ դիմած Աստուծոյ լոյսին, սրբութեամբ վարած իր կեանքը եւ նաեւ հայրենասիրութեամբ ամրացուցած իր նկարագիրը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը հաւատքով դիմակալելու մեզ շրջապատող արտասովոր այս տագնապը եւ յիշելու, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ շարունակաբար մեզի համար աղօթողներ կան: Հոգեւորականները ամէն օր ամենաբարին Աստուծմէ կ’աղերսեն, որ Ան ամէն տեսակի փորձութենէ պաշտպանէ ասպնջական Լիբանանն ու համայն մարդկութիւնը, ի շինութիւն ազգիս հայոց պահպանէ մեր հայրենիքը, մեր եկեղեցիներն ու կառոյցները եւ ամէն տեսակի երեւելի ու աներեւոյթ վտանգներէ փրկէ մեր ընտանիքներուն անդամներն ու բարեկամները:

«Իսկ դուք, սիրելիներ, ձեր կարգին, ձեր հաւատքով շարունակաբար աղօթեցէ՛ք ձեր տուներուն մէջ, սիրով զիրար պաշտպանեցէ՛ք ու յոյսով սպասեցէ՛ք փրկութեան աւետիսին: Ու միշտ յիշեցէ՛ք, որ ձեր զաւակները ձեր օրինակին ընդմէջէն պիտի ճանչնան այն, ինչ որ նուիրական է ու սուրբ, եւ իրենց կարգին սրբութեամբ պիտի վարուին սրբութիւններուն հետ», եզրափակեց Շահէ Եպս. Փանոսեան:

Պատարագի աւարտին Սրբազանը ինքնաշարժի թափօրով անցաւ Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Գէորգ, Ս. Յարութիւն (Ռըմէյլ), Ս. Յակոբ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներու, Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ Ս. Երրորդութիւն մատուռներու, ինչպէս նաեւ Սիմիթեան շէնքերու, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի շրջաններէն եւ օրհնուած մաս եւ ձիթենիի ոստեր բաշխեց թաղականութեանց, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին ծխատէր քահանաներուն հետ զանոնք բաժնեն հաւատացեալ ժողովուրդին: