Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ծաղկազարդը Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ

Ծաղկազարդի տօնին առիթով Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ:
Կը պատարագէ եւ իր հայրական պատգամը կը փոխանցէ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Համաճարակի պայմաններուն հետեւանքով, Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրը ջնջուած է:
Տօնական առիթներով, մեր Եկեղեցւոյ զաւակներէն կը խնդրենք զգուշ ըլլալ նաեւ եկեղեցիներէն ներս ու բոլոր առիթներով յարգել առողջապահական կանոնները։