Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ծնողական հաւաք մը Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ` ներկայութեամբ ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հաւաքին բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան:
Ապա Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր բացատրողական զեկուցումին մէջ ներկայացուց նորակառոյց վարժարանի կրթական-մանկավարժական ծրագիրները, առաքելութիւնը եւ կարելիութիւնները: Մարտիրոսեան հաստատեց, որ վարժարանը արդիական կառոյց մըն է, որ օժտուած է ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան շէնքով, կրթական համակարգով, սարքերով եւ անձնակազմով: Ան աւելցուց, որ վարժարանը սոսկ գիտութիւն ջամբող կառոյց մը չէ, այլ` դասագիրքերէ եւ դասանիւթերէ անդին այն կառոյցը, որ պիտի պատրաստէ այն աշակերտը, որ ճկունութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ պիտի դիմագրաւէ դարու մարտահրաւէրները եւ պիտի պահպանէ ազգային դիմագիծն ու ժառանգութիւնները:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի հիմնադրութեան եւ վեց ազգային վարժարաններու միաւորման պայմաններուն ու հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նոր վարժարանի կրթաթոշակներուն մասին: Ան յայտնեց, որ վարժարաններու միաւորումը երկար ժամանակէ ի վեր Ազգային իշխանութիւններու օրակարգի հիմնական առանցքը կազմած է: Սկզբնական փուլին, աւելի քան 15 տարի առաջ, ծրագրուած էր միաւորել Պուրճ Համուտի մէջ գործող Ազգային վարժարանները, սակայն նկատի ունենալով ներկայ պայմանները եւ այդ պայմաններէն ծնած նոր անհրաժեշտութիւնները, յետ քննարկումներու, օգտաշատ նկատուեցաւ նաեւ նորակառոյց վարժարանին մէջ համախմբել Պուրճ Համուտէն դուրս գործող Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ռուբինեան վարժարանները: Ան համոզում յայտնեց, որ այս նոր կրթական կառոյցը իր ընձեռած կարելիութիւններով` կրթական արդի մեթոտներու կիրարկման ու հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման բոլոր պայմանները լաւագոյնս կը լրացնէ:
Անդրադառնալով կրթաթոշակներուն` Հաւաթեան յայտնեց, որ Ազգային վարչութիւնը, գիտակցելով կրթական մարզի կարեւորութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան կենսական անհրաժեշտութեան, արդիական այս վարժարանի կրթաթոշակները որոշած է ճշդել մատչելի սահմաններուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները կարելիութիւն ունենան հոն յաճախելու: Այս իմաստով այժմէն իսկ նաեւ ծրագրուած է յատուկ ֆոնտերու ճամբով սատարել կարիքաւոր աշակերտներուն, երաշխաւորելու համար նաեւ անոնց ուսումնական հեզասահ ընթացքը:
Հաւաթեան հաստատեց, որ միաւորուող վեց վարժարաններուն պարագային աշակերտութեան կրթաթոշակը պիտի հիմնուի իրենց նախկին վարժարանի ճշդած սակերուն ու վճարումի պայմաններուն վրայ: Այլ խօսքով` կրթաթոշակները պիտի մնան նոյնը, եւ ծնողները պիտի վճարեն իրենց նախկին վարժարանի սակացոյցին հիման վրայ եւ իրենց համար ճշդուած նոյն պայմաններով: Անդրադառնալով դպրոցի յաջողութեան ու ճառագայթումին` Հաւաթեան անհրաժեշտ նկատեց ծնողներու դերակատարութիւնը, աւելցնելով, որ նիւթականէն առաջ` հայ դպրոցին նկատմամբ ծնողքին ցուցաբերած գիտակցութիւնն ու գուրգուրանքն է առաջնահերթը:
Ան ըսաւ, որ Ազգային առաջնորդարանը անցնող 20 տարիներուն ի գին նիւթական մեծ ներդրումներու ու զոհողութիւններու շարունակած է վառ պահել Ազգային վարժարանի դերակատարութիւնը: Այսօր եւս, այս նոր կառոյցին հիմնադրութեամբ ան յանձնառու կը մնայ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նուիրուածութեամբ շարունակելու իր ներդրումը` ի խնդիր նորահաս առողջ սերունդներու կազմաւորման առաքելութեան:
Վերջապէս, Հաւաթեան ուրախութեամբ յայտնեց ծնողներուն, որ ընդառաջելով Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան առաջարկին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը սիրայօժար պատրաստակամութեամբ ընդառաջեց մաս կազմել նոր վարժարանի ուսուցչական կազմին, որ ահաւասիկ ինքնին յաւելեալ փաստ ու ապացոյց մըն է, թէ այս կառոյցի յաջողութիւնը եւ ճառագայթումը գաղութային ի՞նչ արժեչափի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր բոլորին համար:
Ապա առիթ տրուեցաւ ծնողներուն ուղղելու իրենց հարցումները եւ ստանալու պատասխաններ:
Ծանօթացման հանդիպումի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ կոչ ուղղեց ծնողներուն անվերապահ կերպով աջակցելու այս նոր կառոյցին եւ անվարան իրենց զաւակներն ու շրջապատը ուղղորդելու դէպի Ազգային միացեալ վարժարան: Ան յայտնեց, որ մեր կեանքին մէջ շատ բաներ կան փոխուած եւ նոր պայմանները նոր կարելիութիւններու ստեղծման անհրաժեշտութիւններու դիմաց կը դնեն բոլորս անխտիր: Այս իմաստով սրբազան հայրը շեշտը դրաւ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան վրայ, որ կը շարունակէ մնալ հիմնաքարը մեր գաղութի կենսունակութեան եւ ապագայատեսիլ երթին: Ան բոլորին մաղթեց արեւշատութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ ծնողներուն յառաջիկայ հանդիպումը կայանայ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: