Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Ծանօթացման Առցանց Ձեռնարկ (Ասպարէզի Ուղղութիւն` Շրջանաւարտներէ)

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 27 մարտ 2021-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00 տեղի ունեցաւ համալսարանական մասնագիտութիւններու ծանօթացման «Ասպարէզի ուղղութիւն` շրջանաւարտներէ» («Career guidance from the alumni») առցանց ձեռնարկը, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու երկրորդական բաժինի 170 աշակերտներու, տնօրէններու, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ ձեռնարկին հրաւիրուած 25 մասնագէտներու:

Ձեռնարկին նախօրեակին Ուսումնական խորհուրդը վարժարաններու տնօրէնութիւններու ճամբով աշակերտութեան յղեց մասնակցութեան առցանց հարցաթերթիկներ` ծանօթանալու համար անոնց հետաքրքրութիւններուն եւ ապագայ ասպարէզի ընտրութեան կարելիութիւններուն:

Ձեռնարկին սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ այս առիթով հրաւիրուած մասնագէտները ծանօթացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքերեան: Ան նկատել տուաւ, որ ձեռնարկին նպատակն է ուսման եւ ասպարէզի վերաբերեալ տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւն ստանալ շրջանաւարտ-մասնագէտներու կողմէ: Ան մասնակից աշակերտները յորդորեց, որ մէկէ աւելի մասնագիտութիւններու մասին տեղեկութիւններ ստանան: Այնուհետեւ ան ներկայացուց ձեռնարկին ընթացքը:

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան ողջունեց ներկաները, յատկապէս` ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերը, նաեւ` Ուսումնական խորհուրդը, որոնք ներկայ պայմաններուն մէջ եռանդով կը շարունակեն իրենց վստահուած աշխատանքը: Սրբազանը իր խօսքը աւարտական դասարաններու աշակերտներուն ուղելով` յայտնեց, որ պահը կը մօտենայ, երբ բաժնուելով հայ դպրոցէն` իւրաքանչիւրը պէտք է ճամբայ մը ընտրէ եւ նոր պայմաններով իր կեանքը շարունակէ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ կեանքը անկասկած մեծ մարտահրաւէր մըն է բոլորիս համար, աւելցնելով, որ այդ պատճառով անցնող տարիներուն հայ դպրոցը զիրենք պատրաստեց` տալով գիտութիւն, որպէսզի կարենան աշխարհի հարցերը կշռել ո՛չ միայն իբրեւ մշակուած միտք, այլեւ` իբրեւ հայ մարդ, որ օտար միջավայրի նոր կարելիութեան մթնոլորտի մէջ եւս կրնայ պատասխանատուութեամբ վարուիլ իր աշխատանքին հետ` իր կեանքը տանելու համար դէպի վերելք:

Սրբազանը նաեւ յայտնեց, որ շրջանաւարտ դառնալու պատրաստուող աշակերտները այլեւս կը գտնուին չափահասութեան տարիքի մէջ եւ կը նշմարեն մեր աշխարհը տագնապեցնող մեծ հարցերը եւ կը զգան կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող տեսակաւոր խնդիրներն ու դժուարութիւնները: «Նկատի ունեցէ՛ք, որ այսուհետեւ մասնագիտական ուսման ճամբով ձեռք բերելիք մասնագիտութեան գիտութիւնն ու փորձառութիւնները պէտք է ուղղուին դէպի ընկերութիւն, որպէսզի լաւագոյնս ծառայեն աշխարհին ու մարդկութեան տագնապները լուծելու խնդիրներուն: Կեանքէն ներս ձեր տեղն ու դերակատարութիւնը ճշդել կարենալու համար իմաստութեամբ կշռեցէք ձեր առնելիք որոշումները եւ ապա կողմնորոշուեցէք` միշտ յիշելով, որ առանց ճիգի ու քրտինքի չկայ արդիւնք եւ չկայ վերելք», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Ապա խօսք առաւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան եւ նշեց, որ մեր կեանքի ներկայ դժուար օրերուն, համալսարանական մասնագիտութեան կողմնորոշման այս ձեռնարկը աշակերտներու անձնական հետաքրքրութիւններու բաւարարումէն անդին, կը նպատակադրէ նոր սերունդին ուշադրութիւնը հրաւիրել այնպիսի մասնագիտութիւններու վրայ, որոնց կարիքը ունի այսօր մեր ժողովուրդը իր դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Աւագեան շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը նիւթական մեծ կարելիութիւններ չունի: Մեր հայրենիքը բնական հարուստ պաշարներ չունի: Մեր ազգային մեծագոյն հարստութիւնը մեր մարդո՛ւժն է, մեր նոր սերունդը` ուսանողութիւնը, որ այսօր մեր վարժարաններուն մէջ է, վաղը` համալսարաններու մէջ եւ քանի մը տարի ետք կոչուած է ըլլալու մեր հաւաքական կեանքի առաջին գիծերուն վրայ: «Ուսանողութիւնը միշտ եղած է փոփոխութեան, յառաջդիմութեան եւ զարգացման ազդակ», ըսաւ Աւագեան:

Այս առիթով Կոստան Զարեանի մէկ մտածումը յիշելով` Վիգէն Աւագեան ընդգծեց, որ աշխարհը փոթորկոտ ծով մըն է, իսկ մեր ժողովուրդը այդ ծովուն վրայ նաւ մըն է, որ սեփական միջոցներով ապահով ափ հասնելու համար կարիքը ունի խելքի, ուժի եւ կամքի: «Մեր աշակերտները ունին բաւարար կամք եւ ջանասիրութիւն, կը մնայ, որ բարձրագոյն ուսումով, կրթութեամբ եւ վկայականներով անոնք տիրապետեն նաեւ խելքի ուժին», հաստատեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետը:

Շարունակելով իր խօսքը` Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ մեր օրերուն գիտելիքը մեծագոյն զէնքն է ընկերութիւններու համար: Պէտք է գիտնալ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչպէս օգտագործել այդ զէնքը` մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ յաջողելու համար, որպէսզի իբրեւ նոր սերունդ` կարենանք մեր ժողովուրդը դուրս բերել իր ներկայ տագնապներէն:

Խօսքին աւարտին Աւագեան Ուսումնական խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, օրուան մասնագէտ զեկուցաբերներուն, ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկին իրականացման:

Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արին Գալուստեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի մէջ անվճար ուսման հայագիտական ծրագիրը, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին եւ Հայաստանի պետական համալսարանին հետ գործակցաբար, նախ Լիբանանի եւ ապա Հայաստանի մէջ մասնագիտական յատուկ պատրաստութեամբ:

Ապա Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան աշակերտներուն եւ մասնակիցներուն տուաւ ձեռնարկին կազմակերպման եւ իրականացման վերաբերեալ թեքնիք բացատրութիւններ:

Այնուհետեւ աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու իրենց նախասիրած մասնագիտութիւններու ելեկտրոնային սենեակները` զիրենք հետաքրքրող տեղեկութիւններ ստանալու համար տուեալ մասնագիտութեան ներկայացուցիչին կողմէ:

Յայտնենք, որ համալսարանական մասնագիտութիւններու կողմնորոշման իրենց մասնակցութիւնը բերին` Խաժակ Կէօքճեան (ճարտարագէտ), Սագօ Տէր Վարդանեան (սպայ), Լորա Մերտխանեան-Քաթթան (փաստաբան), Նժդեհ Մկրտիչեան (լսատեսողական), Փաթրիսիա Խորշիտեան (հիւանդապահ), Եղիկ Թաշճեան եւ Շանթ Վարդանեան (քաղաքական գիտութիւն), Յարութ Արթինեան (օդաչու), Անիթա Մուջոյեան (անգլերէն գրականութիւն), Արշօ Պալեան (լրագրութիւն), Քրիստին Սարգիսեան (ընկերային ծառայութիւն), Ռոստոմ Գույումճեան եւ Բալիկ Ծատուրեան (graphic design), Շանթ Ստեփան (համակարգչային գիտութիւն), Ալեքս Յակոբեան (առեւտրական գիտութիւն), Արա եւ Մհեր Թորոսեաններ (ֆիզիքական կրթութիւն), տոքթ. Յակոբ Թաշճեան եւ տոքթ. Ժանօ Քէքէճեան (բժիշկ), Ռուպինա Խայեաթ-Եսայեան (interior design), տոքթ. Իշխան Եղիայեան եւ տոքթ. Սեպուհ Մանճեան (ատամնաբուժ), Նարէ Գալեմքերեան (թարգմանութիւն), Սիլվա Փափազեան (մանկավարժութիւն-հոգեբանութիւն), Անժելինա Սարգիսեան (դերասանութիւն) եւ Արին Գալուստեան (Համազգայինի հայագիտութեան ծրագիր):