Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն` նուիրուած Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ 1500 տարիներէ ի վեր Աւարայրի հերոսամարտը կը տօնախմբուի հայ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ` ոգեկոչելու յիշատակը ազատութեան ի խնդիր զոհուած այն մարտիկներուն, որոնք նահատակուեցան ի սէր հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ այն յոռի երեւոյթները, որոնք կը խաթարեն մեր արժէքները եւ կ՛անարգեն մեր սրբութիւնները: Ան մաղթեց, որ Վարդանանց տօնակատարութիւնը հայութեան մէջ վերանորոգէ ազգային համերաշխութեան ոգին եւ բաց հրաւէր ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք այլազան պատճառներով հեռացած են ազգային – եկեղեցական կեանքէն: Իր խօսքի աւարտին ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր հայորդի ունի իր անփոխարինելի արժէքը հայ ազգի յառաջդիմութեան մէջ եւ իւրայատուկ դերը նորանոր յաղթանակներ ապահովելու աշխարհատարած մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:
Ապա Ազգային միացեալ վարժարանը ներկայացուց խմբային ասմունք «Խորհուրդ Վարդանանց» խորագիրով, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` ազգագրական պար մը:
Հուսկ բեմ բարձրացաւ առաջին պատգամախօսը` Հրանդ վրդ. Թահանեան: Ան նշեց, որ հաւատք կոչուածը վերացական գոյավիճակ մըն է, իսկ 21-րդ դարուն անոր մասին խօսիլը քաջերու եւ խենթերու վերապահուած է: Վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին աշխարհի գիտութիւնները աւելի զարգացան: Ան համեմատութիւն մը կատարեց հաւատքի ու գիտութեան մասին եւ ըսաւ, որ եթէ զանոնք նկատենք իրարու հակադիր, ապա պէտք է տեսնենք անոր ապացոյցները մարդկային պատմութեան մէջ. առաջին` նախ պէտք է հաւատացեալներուն թիւը նուազի, բայց ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ քրիստոնէութեան դարձի եկողներուն թիւը բարձր է: Երկրորդ` պէտք է տեսնել հաւատքի չգոյութիւն ամենաբարձր ուսում եւ գիտութիւն ընկալողներուն մօտ: Բայց կարելի է հաւատացեալ եւ անհաւատ գտնել ուսման բոլոր մակարդակներուն մէջ: Ուրեմն հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ հակադրութիւն չկայ:
Վարդանանց պատերազմը կու գայ ապացուցելու, որ մեր հաւատքը թշնամի ունի: Հայոց սպարապետը եւ բանակը հաւատքի ներգործութեամբ զիրենք քառապատկող զօրքը տեսնելով չնահանջեցին: Ընդունուած օրէնք է, թէ պայքարէ մը յաղթական դուրս կու գաս, երբ ճշդած նպատակիդ հասնիս: Հայութիւնը իր նպատակին չհասաւ, բայց պարսիկները յուսահատեցան եւ ո՛չ միայն հաւատքի ազատութեան տեղի տուին, այլեւ Վարդանի եղբօրորդւոյն` Վահան Մամիկոնեանի մարզպանութիւն շնորհեցին, ինչ որ աւելի նպաստաւոր եղաւ հայոց դիրքին:
Հայր սուրբը յայտնեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ նոր թշնամիի դէմ յանդիման գտնուեցաւ` շեշտելով «Խաչուած-պարտուած թագաւորի մը հետեւելու» անտրամաբանական երեւոյթը: Այսօր մեր թշնամիները մենք ենք, մանաւանդ երբ ծիծաղի առարկայ դարձնենք մեր հաւատքը: Մեր կեանքին մէջ ամէն բան պէտք է քննուի եւ քննարկուի, նոյնիսկ մեր կրօնը, եկեղեցին եւ կրօնաւորները: Եթէ իբրեւ ազգ կ՛ուզենք միշտ յաղթական ըլլալ, ապա պէտք է մեր ներքին թշնամիները սանձենք: Մենք սրբութիւններ ունինք, որոնք անհպելի են, ինչպէս հայոց լեզուն, մեր հայրենիքը եւ պահանջատիրութիւնը, մայրութիւնը:
Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ հաւատաթափութիւնը համատարած դարձած է ժողովուրդին մէջ, հեռացուցած է երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ շրջանակէն եւ մեր ազգային ու մշակութային բնագաւառներէն: Ապա համեմատութիւն մը կատարելով Մամիկոնեաններուն հետ ըսաւ, թէ անոնք հաւատուրաց չեղան, որովհետեւ Վարդան չէր կրնար իր ազգին կտակին դաւաճանել:
Այս տարի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հռչակած է «Անկախութեան տարի»: Սարդարապատի քաջերն ալ անել կացութեան մէջ կը գտնուէին եւ կը յիշեցնեն մեզի, թէ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Վարդան Մամիկոնեանն ալ անել կացութեան առջեւ կը գտնուէր, ան, իր սեփական շահերը անտեսեց եւ խենթութիւն ըրաւ:
Հրանդ վարդապետ իր խօսքի վերջին բաժինով յայտնեց, որ խենթութեան կարօտը ունինք, եթէ երբեք պիտի պահենք մեր հաւատքը, եթէ մեր ժողովուրդը ոսկեդար պիտի ապրի, եթէ երբեք ուրախ պիտի ըլլանք: Իջնենք պատերազմի դաշտ ամէն օր «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց», հաւատանք, խենթանանք ու դէպի բարին ընթանանք:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը` ներկայացնելով «Հիմի էլ լռենք», «Վարդանի երգը», «Հայ ապրինք» երգերը:
Հանդիսութեան երկրորդ պատգամախօսն էր Պետօ Տեմիրճեան: Ան հարցադրումով մը սկսաւ իր խօսքը, թէ ի՞նչ խորհուրդ կը պարունակեն Վարդանի ղեկավարած հայկական բանակը եւ Աւարայրի ճակատամարտը: Վարդանանքը մեզի ամէնօրեայ յիշեցում պէտք է ըլլայ, թէ հայը օտար ուժի դիմաց երբեք չի խոնարհիր եւ ամէն գնով պատրաստ է իր ինքնուրոյնութիւնը պահելու: 451 թուականին Յազկերտի գերադաս բանակին դէմ էր մեր պայքարը, իսկ աւելի ուշ երբ մեր թագաւորութիւնը կորսնցուցինք, հայ մնալու եւ մաքառելու ջահը փոխանցուեցաւ Մայիս 28-ը կերտող, Հայաստանի Հանրապետութիւն ստեղծող նուիրեալներուն, որոնք Վարդանի եւ Ղեւոնդ Երէցի չափ նուիրեալներ էին, որոնք Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն անմիջապէս ետք կրցան վերակերտել հայկական պետականութիւնը:
Վարդանանց խորհուրդը յաղթանակներ եւ մեր պատմութեան փառաւոր դրուագները յիշելու համար չէ միայն: Անցեալին նայելով` յառաջ երթալու, այս աշխարհին մէջ իբրեւ ազգ զարգանալու եւ գոյատեւելու ուխտին վերանորոգումն է: Ազգային միաբանութեամբ եւ հաւաքական գործի նկատմամբ սրբազան նուիրումով կարելի է յաղթել եւ զարգանալ ու յառաջ երթալ: Ան նշեց, որ ճգնաժամային այս օրերուն պէտք է շէնցնենք մեր հողը, երկիրը եւ վերահաստատենք մեր ազատութեան ուխտը: Այնպէս ինչպէս հասարակ գիւղացին, շինականը, հողագործն ու դարբինը միացան Վարդանին, նախարարներուն, Ղեւոնդ Երէցին, նոյնպէս ալ այսօր իւրաքանչիւրս իր դերը ունի մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Աւարայրի ճակատամարտը երկար տարիներու վրայ երկարող դիմադրութեան, ապստամբութեան մը գագաթնակէտն էր: Ան նաեւ ռազմական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ հայոց բանակը դիմադրեց այդ օրերու հզօրագոյն ուժին դէմ:
Պետօ Տեմիրճեան կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու մեր հայրենիքին, զօրավիգ կանգնելու մեր արժէքներուն, տոգորուելու Վարդանով, Ղեւոնդ Երէցով եւ Վահանով, պահպանելու մեր ինքնութիւնը, հայոց տառերը եւ գրականութիւնը:
Ան եզրափակեց իր խօսքը գօտեպնդելով ներկաները չզիջելու մեր արժէքները, բարձր պահելու հայոց եռագոյնը եւ նուիրուածութեամբ հասնելու մեր ապագային:
Ապա «Վարդանի ճառը» մենախօսութիւնը կատարեց Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Դրօ Միրզայեան, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը ներկայացուց «Զարթօնք» պարը:
Օրուան հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան Վարդանանց տօնակատարութիւնը առիթ նկատեց պատուելու մեր պատմութեան մեծերը, մեր առաքինի եւ քաջ կտրիճները, որոնք իրենց կեանքին օրինակով ցոյց տուին այն, ինչ որ թանկագին է եւ արժէք: Վարդանանք նախընտրեցին ռազմադաշտին վրայ իրենց կեանքը նուիրաբերել, քան ուխտադրուժ դառնալով անոնցմէ հրաժարիլ: Համաշխարհայնացած այս տարօրինակ մթնոլորտին մէջ աւելի արթուն եւ զգուշ պէտք է գտնուինք նոյնինքն մեր անձերուն հետ: Կեանքին մէջ արժէքներ կան, որոնցմէ չենք կրնար հրաժարիլ: Անոնք անցեալին կեանքի գնով մեր քաջերն ու առաքինի կտրիճները պաշտպանեցին: Այդ արժէքները մեր սեփական հաւատքի մասնակցութեամբ եւ հայրենասիրական արտայայտութիւններով պէտք է ապրինք մեր ժամանակներուն եւ իբրեւ սրբազան աւանդ մեր ներդրումով փոխանցենք մեր զաւակներուն, որպէսզի ապրի Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը իր սեփական նկարագիրով ու հաւատքով` առանց վատութիւն խառնելու իր ցեղային նկարագիրին մէջ ունեցած իր քաջութեան ու խիզախութեան:
Առաջնորդ սրբազան Հայրը իր խօսքի վերջին բաժինով մաղթեց, որ հայ ժողովուրդը առաւել խիզախութիւն ունենայ, որպէսզի մեր հաւատքը ծաղկի մեր կեանքին մէջ եւ հայրենասիրութիւնը պատճառ ըլլայ, որ հայրենիքը առաւել ծաղկի: Ան քաջութիւն մաղթեց այն հայորդիներուն, որոնք հայրենական սահմաններուն վրայ Վարդանանց հոգիով Վարդանանց կտակը իրենց կեանքին գնով կ՛ապրին ու կ՛արժեւորեն: