Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ մարմինին, 28, 29 եւ 30 սեպտեմբեր 2018-ին, «ՔՋԱԿ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցչաց համագումար վերամուտի առիթով:
Համագումարի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ վերամուտի նախօրեակին վերաորակաւորման եւ աշխատանքներու վերադասաւորման նպատակադրումով նմանօրինակ հաւաքները ե՛ւ շահեկան են, ե՛ւ յաւելեալ թափ կու տան գալիք աշխատանքներուն:
Համագումարի ընթացքին մասնակիցները հետեւեցան Աստուածաշունչի սերտողութեան, շարականներու ուսուցման եւ առաւօտեան ու երեկոյեան ժամերգութիւններու: Երեկոները ուսուցիչները ունեցան ընկերային հաւաքներ:
Մասնակիցները հետեւեցան երկու դասախօսութիւններու: Ա. նիւթ` «Դասարանային կառավարման եղանակները», դասախօս` Սալբի Ճիւնկէօզեան-Մուղալեան: Բ. նիւթ` «Պատմութեան հաղորդականութիւնը` գաղափար մը փոխանցելու եւ ամրապնդելու համար», դասախօս` Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան:
Այս առիթով շաբաթ, 29 սեպտեմբերին, համագումարի մասնակիցներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ մեծապէս գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն նուիրական աշխատանքը: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ կիրակնօրեայ վարժարանները պատանիներուն մօտ հոգեւոր-քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմաւորման առնչութեամբ ունին իրենց իւրայատուկ եւ կարեւոր տեղն ու դերը: Հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ մասնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ կէսօրուան «սիրոյ սեղան»-ին:
Համագումարը փակուեցաւ կիրակի առաւօտեան, ժամը 10:00-ին, Տէրունական աղօթքով: