Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Կրթական 2021-2022 Տարեշրջանի Մարտահրաւէրներու Պատրաստութեան Ժողով` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Շաբաթ, 26 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կրթական 2021-2022 տարեշրջանի մարտահրաւէրներու պատրաստութեան ընդլայնուած ժողով մը, որուն մասնակցեցան Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ, Առաջնորդարանի դիւանապետն ու Ուսումնական խորհուրդի գրասենեակին պատասխանատուն:

Ժողովին սկիզբը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ կրթական գործին լծուած բոլոր մարմիններուն` Ուսումնական խորհուրդին, վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն, խնամակալներուն եւ ազգային վարժարաններու բարեկամներուն ու բարերարներուն մասին, որոնց բոլորին միասնական ճիգերով կարելի եղաւ յաղթահարել տագնապներով լեցուն անցնող տարեշրջանը: Ան նշեց, որ Ազգային վարժարանները առաջնորդարանին համար կը հանդիսանան հիմնական եւ առաջնահերթ մտահոգութիւն, առ այդ` ժողովը կոչուած է արժեւորելու կրթական անցնող տարին եւ ծրագրելու դժուարին պայմաններու մէջ գործելու կոչուած գալիքը:

Ապա, խօսք առաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան եւ ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Ազգային վարժարաններու անցնող տարուան ընդհանուր իրավիճակին վրայ` ներկայացնելով աշակերտութեան եւ անձնակազմի թիւեր, կրթական յաջողութիւններ, շինարարական իրագործումներ եւ շրջանաւարտներու հունձքեր: Աւագեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօր ո՛չ միայն ազգային, այլեւ` լիբանանահայ եւ ամբողջ լիբանանեան կրթական համակարգը կանգնած է իր գոյատեւման սպառնացող լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Այդ մարտահրաւէրները կը խտանան չորս կէտի մէջ. Երկրի տնտեսական աղէտալի վիճակ, առողջապահական արտակարգ պայմաններ, ուսուցչական քատրերու տագնապ եւ կրթական աշխատելաոճի ընդհանուր անորոշութիւն:

Այնուհետեւ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ հանդէս եկան կրթական անցնող տարեշրջանի իրենց աշխատանքները ամփոփող զեկուցումներով, որոնց աւարտին ժողովը քննարկման նիւթ դարձուց կրթական յառաջիկայ տարեշրջանի աշխատելաոճին հաւանականութիւնները (առցանց, ֆիզիքական ներկայութեամբ, երկուքը միասին), վարժարաններու գանձումներու եղանակը, կրթական կեանքին կապուած այլեւայլ ծախսերու յանձանձումի ձեւեր (դասագիրքեր, տետրակներ, գրենական, տարազներ, փոխադրամիջոցներ եւ այլն), «Քորոնա»-ի դէմ ուսուցիչներու պատուաստումի կազմակերպման եղանակ եւ, վերջապէս, ընկերային բազմացող կարիքներու լոյսին տակ` վարժարաններու ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու աշխուժացման ծրագիրներ:

Ժողովականները իրենց բոլոր քննարկումներուն ընթացքին հաստատեցին Ազգային վարժարանին անփոխարինելի դերն ու տեղը լիբանանահայութեան կեանքին մէջ: Անոնք նաեւ շեշտեցին ներկայ տագնապալի պայմաններուն դիմագրաւման համար ծնողք-վարժարաններ-առաջնորդարան ուժերու ամբողջական լարումն ու մէկտեղումը` կրթական համակարգին դէմ ցցուող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու համար: Ժողովականները նկատել տուին, որ կրթական յառաջիկայ տարեշրջանին յաջողութեան համար անհրաժեշտ է դիմել արտակարգ միջոցներու:

Այս առիթով ներկայացուեցան զանազան ծրագիրներ եւ առաջարկներ` ծնողներուն նիւթական բեռը թեթեւցնելու եւ կրթական տարեշրջանի աշխատանքներուն յաջող ընթացքը ապահովելու համար:

Ժողովականները յատուկ դրուատիքով անդրադարձան Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատանքներուն, յատկապէս առցանց դասաւանդման նոր պայմաններուն մէջ: Անոնք հաստատեցին, որ ուսուցիչներ յաւելեալ ճիգով ընդառաջեցին կրթական յարափոփոխ կեանքի նոր պահանջներուն եւ տեւաբար յանձնառու մնացին իրենց կոչումին ու առաքելութեան, հակառակ երկիրը հարուածող ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապներուն:

Ժողովի աւարտին, որոշուեցաւ յառաջիկային նման հանդիպումներ կրկնել` կրթական 2021-2022 տարեշրջանը նուազագոյն ցնցումներով եւ արդիւնաւէտ կերպով իրագործելու համար: