Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութիւն Եւ Սիլվիա Սթամպուլի 100.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Դարձեալ Կը Զօրակցին Լիբանանահայութեան

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի,  Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կ՛աջակցին 100.000.000 լ. ոսկիի (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի) նուիրատուութեամբ: Բարերարներուն փափաքով, նշեալ գումարը կը բաշխուի հետեւեալ եղանակով.

– Ազգային առաջնորդարանին` 25.000.000 լ. ո.
–  ՀԲԸՄ Լիբանանի մասնաճիւղին` 25.000.000 լ.ո.
–  Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 25.000.000 լ. ո.
– «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին` 25.000.000 լ. ո.

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային վարչութիւնը, սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերար ամոլին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն լիբանանահայութեան կարիքներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած գիտակից եւ արժանաւոր կեցուածքը: