Այսու, պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Թրիփոլիի եւ շրջակայից համար Հոգեւոր Տեսուչ կը նշանակենք Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերապատիւ Տէր Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանը՝ իրեն վստահելով Ճիպէյլէն մինչեւ Թրիփոլի եւ շրջակայ աւաններուն մէջ ապրող մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր մատակարարման կարեւոր աշխատանքը։
Հայր Սուրբը իր նոր առաքելութեան կը լծուի Կիրակի, Մարտ 7, 2021-ին։
Վստահ ենք, որ Հայր Սուրբը նուիրումով պիտի տանի իրեն վստահուած կարեւոր աշխատանքը ու մօտէն գործակցելով շրջանի պատասխանատուներուն հետ, մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգեւոր մատակարարման գործին ընծայէ իր կարողութեանց լաւագոյնը։
Թեմիս Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան կողմէ սրտովին յաջողութիւն կը մաղթենք Հայր Սուրբին, վստահ ըլլալով, որ անոր աշխատանքը նաեւ պիտի արժանանայ մեր ժողովուրդի գնահատանքին։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ԼԻԱԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ