Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Համալսարանական Վաղամեռիկ Փայլուն Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Յիշատակին Հոգեհանգիստի Արարողութիւն October 18, 2016 7:34 AM 0

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համալսարանաւարտ վաղամեռիկ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԵ. տարելիցին առիթով:

Ս. պատարագի արարողութենէն ետք, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալին ընտանիքին, հարազատներուն, Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանը, որ նշեց, թէ Սեպուհ Շահպազեանի ծնողները` իրենց զաւկին յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, բարոյապէս եւ նիւթապէս կը զօրակցի հայ դպրոցին եւ աշակերտին:

Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ իր ծնողներուն բարի գործերով Սեպուհ Շահպազեան նորահաս սերունդին մէջ կը վերապրի, երեւոյթ մը, որ էապէս դաստիարակիչ է եւ ունի խորք: Մեծապէս գնահատելով ընտանիքին ներդրումը եւ բաժնելով անոր ցաւը` առաջնորդ սրբազանը Շահպազեանի ծնողներուն եւ հարազատներուն մաղթեց մխիթարութիւն` շարունակելու ծառայութիւնը: