Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 16 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հսկումի արարողութիւն եւ Ս. խաչի օրհնութիւն ու օծում` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներուն:
Արդարեւ, յընթացս Հսկումի արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց եկեղեցւոյ նոր խաչին օրհնութիւնն ու օծումը:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ողջունեց դպրեվանքի սաներուն ներկայութիւնը, որոնք Մեծ պահոց առիթով հերթաբար մեր եկեղեցիները այցելելով կատարեցին սրբազան արարողութիւններ` խրախուսելու եւ ջերմեռանդութեան հրաւիրելու հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան մաղթեց, որ մեր ժողովուրդի դեռատի զաւակներուն քայլերը դէպի դպրեվանք ուղղուին, որպէսզի այնտեղ հոգեմտաւոր կազմաւորումով անոնք պատրաստուին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ծառայական կեանքին:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը խնդակցութիւն յայտնեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ բարեզարդման այն բոլոր ճիգերուն համար, որոնց մէջ եկեղեցին ինքզինք գտաւ անցնող քանի մը ամիսներուն: «Ահաւասիկ այդ բոլոր աշխատանքներուն պսակումը այսօր կը հանդիսանայ մեծադիր խաչի օծման կարգը, որ պիտի զարդարէ եկեղեցւոյ գմբէթը` առաւել եւս պայծառութեամբ շողացնելու համար Ս. խաչը այս բարձունքին վրայ», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ իր գնահատանքը արձանագրեց խաչի բարերար Սարգիս եւ Քրիստ Աճէմեաններուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ իրականացուցին այս ծրագիրը եւ շարունակաբար եկեղեցւոյ օգտակար կը հանդիսանան: Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ անոր շուրջ բոլորուած յարակից մարմիններն ու կառոյցները, որոնք իրենց աշխատանքով կանգուն կը պահեն եկեղեցին` մաղթելով, որ բոլորը լիովին վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու բարիքները իրենց կեանքին մէջ, որպէսզի շարունակաբար նուիրումով եւ գիտակցօրէն ու հաւատքով իրենց ծառայութիւնը շարունակեն ընծայել եկեղեցւոյ ճամբով` ժողովուրդին:
Աւարտին եկեղեցւոյ «Պիաթրիս Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` մասնակցութեամբ դպրեվանքի սաներուն:
Նշենք, որ Ս. խաչին տեղադրումը գմբէթին վրայ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 19 մարտին: