Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Առ այդ, ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում: Շաբաթ, 13 յունուարի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն:

Կիրակի, 14 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ապա գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն, դպրաց դասուն եւ Հայաշէնի հայութեան, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը այս առիթով մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը յայտարարեց, որ նոյն օրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ենթակայ բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ փոխան քարոզի պիտի կարդացուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը եւ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու զայն: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Նաեւ տեղի ունեցաւ խորանի վերանորոգուած բեմի օծում ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Այնուհետեւ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր:

Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան ըսաւ, որ տօնակատարութիւնները ունին իրենց խորհուրդն ու իմաստը: Եկեղեցական անուանակոչութիւնները կատարելով կ՛անդրադառնանք իւրաքանչիւր սուրբի կեանքին, էութեան, կենցաղին եւ սրբագործութիւններուն` յիշեցնելով բոլորին, որ կեանքը պէտք է ապրիլ համաձայն սուրբերուն եւ արժեւորել զայն քրիստոնէավայել ընթացքով, հետեւելով անոնց տուած ցուցմունքներուն, խրատներուն եւ ուսուցումներուն:

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ կարելի եղած էր եկեղեցին ամբողջութեամբ նորոգել եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց աջակցութեան համար: Այս առիթով ան յիշեց երկու բարերարներ, որոնք ստանձնած էին մեծ աշխատանք` Քրիստ Աճէմեան եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ նորոգութեան առիթով եւ գնահատեց տարուած աշխատանքը: «Մենք սրբութեան կարիքը ունինք մերօրեայ կեանքի պայմաններուն մէջ,  որպէսզի ամրանանք, որովհետեւ կ՛ապրինք այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր կարծէք բոլոր արժէքները փոխուած են», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մենք պէտք է մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներով շարունակ ամրանանք, որպէսզի կարենանք տոկալ: Առ այդ, պէտք է ամուր բարինք մեր արժէքներուն, սրբարաններուն, ակումբներուն ու դպրոցներուն եւ այդ բոլորին հետ պէտք է վարուինք նոր գիտակցութեամբ, որպէսզի մեր կեանքին համար ամրութիւն քաղենք եւ տոկանք: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ իսկ մենք պէտք է գիտակցինք, որ զաւակներն ենք ժողովուրդի մը, որ իր հաւատքովն ու արիւնովը անկախութեան հասած է, հետեւաբար այդ գիտակցութեամբ պէտք է վարուինք մեր կեանքին հետ:

Այնուհետեւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար պարգեւատրուեցան թաղականութեան նախկին անդամներ Գէորգ Տէր Յակոբեան եւ Յարութիւն Արթինեան (ի բացակայութեան), նաեւ նախկին տիկնանց յանձնախումբի նախկին ատենապետ Անահիտ Պչաքճեան: Արտաշէս Գասարճեան պարգեւատրեալներուն ունեցած գործունէութեան  մասին ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացնելէ ետք հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ միասնաբար յանձնեն իրենց ոսկեայ խաչ զարդասեղները:

Սիրոյ սեղանին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան հալէպահայ երգիչ Սագօ Պէսնիլեան, Կարօ Քէլէշեան, Սեւան Մեթլեան եւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: