Նախաձեռնութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ 6 միաւորուող վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն, ուրբաթ, 26 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ, որ սկսաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ, որուն զուգահեռ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի ԺԱ. դասարանի աշակերտ Գարոլին-Լէա Կարապետեան: Ան հաստատեց, որ 28 մայիս 1918-ն Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի յարութեան օրն էր, կեանքի յաղթանակը մահուան դէմ: Որբացած ու տարագրուած հայ ժողովուրդի համազգային ծառացումն էր ընդդէմ բնութեան եւ անարդարութեան: Հայոց միահամուռ արհամարհանքն էր Երեւանի դռները հասած թրքական բանակին: Հայաստանի, հայ դրօշի, հայ քայլերգի ծնունդն էր: Կարապետեան ըսաւ, որ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ արձանագրուած համահայկական յաղթանակները իրենց անջնջելի դրոշմը ձգեցին հայոց պատմութեան վրայ` աւելցնելով, որ Արցախի պահանջատիրական երթին արձանագրած յաջողութիւններն ու Արցախի պետականութեան կայացումը, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հետապնդման յաղթարշաւը կ՛ընթանայ մայիս 28-ի բացած ուղիով ու կ՛ամրապնդուի անոր ոգիով:
Այնուհետեւ Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Դրօ Միրզայեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» քերթուածը, որմէ ետք օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի ազգային երեսփոխան Վաչէ Նաճարեան: Ան յայտնեց, որ 28 մայիս 1918-ը հանդիսացաւ հայոց պատմութեան ամէնէն պանծալի եւ անոր ընթացքը ճակատագրականօրէն բարեփոխող թուականը, որ նոր էջ մը բացաւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ` աւելցնելով, որ այդ թուականէն առաջ եւ 600 տարիներու ընթացքին հայ ազգը գոյատեւած էր ստրկութեան եւ անարդարութեան տակ` իբրեւ հպատակ օտար ազգերու եւ ուժերու: «Հայութիւնը մայիս 28-ին տիրացաւ հայօրէն ապրելու իր արդար իրաւունքին: Ան կերտեց հանրապետութիւն, հաստատեց իր անկախութիւնը, վերամշակեց իր ինքնութիւնը եւ ազգային նկարագիրը», հաստատեց Նաճարեան` աւելցնելով, որ 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը թագադրումն էր մեր տասնամեակներու պայքարներուն` մղուած ուժական ու քաղաքական զուգահեռ գիծերով: Վաչէ Նաճարեան նկատել տուաւ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերականգնած է իր ազատութիւնն ու անկախութիւնը, բայց մարտահրաւէրները տակաւին առկայ են եւ նոյն ուժգնութեամբ: Նաճարեան աշակերտներուն ուղղուած իր պատգամը եզրափակեց Արամ Մանուկեանի մասին Նիկոլ Աղբալեանի խօսքով. «Երբ գիշերը գայ, մտէք ձեր հոգու սենեակն ու խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք` արդեօք աշխատե՞լ էք հայ ժողովրդի համար` ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք անձնազոհ` որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին` ինչպէս Արամը…»:
Այնուհետեւ ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Տիշչեքենեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքենեանի:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք 28 մայիսի առիթով եւ երբ միասին ենք` մեր ուրախութիւնը աւելի ընդարձակ եւ կատարեալ է, մենք աւելի զօրեղ ենք, նաեւ լաւատես: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ սփիւռքի մէջ` ինչպէս Լիբանան, մենք դպրոցներ կը կառուցենք ու կը պահենք, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները հայութեան սրտին մօտ պահեն իրենց ինքնութիւնը: «Այսօր այս առիթով հաւաքուած ենք, որպէսզի աւելի ուժգնօրէն զգանք եւ անդրադառնանք, որ մենք մեր դպրոցներով կը շարունակենք սրբազան այն պայքարը, որուն մասնակից եղան մեզ կանխող սերունդները, որպէսզի մեր ժողովուրդը աշխարհի տարածքին ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունք ունենայ: Այս դպրոցներուն մէջ մենք կը շարունակենք այդ պայքարը` մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր ազգի արժէքները սորվելով, որպէսզի շարունակենք հայօրէն եւ ազատօրէն ապրելու իրաւունքը ունենալ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարի նոյն վայրին մէջ նման խանդավառ առիթներ ընծայուին շատ աւելի յաճախակի կերպով:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Յայտնենք, որ ձեռնարկի աւարտին աշակերտները շրջագայեցան դպրոցին մէջ: