Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Երկուշաբթի, 10 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային իշխանութիւններու անդամներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ:

Նախարար Յակոբեան շրջագայեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալու նորակառոյց կրթօճախին: Ապա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան: Ան նշեց, որ Սփիւռքի նախարարին անդրանիկ այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի` իբրեւ հետագայ համագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներու իրագործման երաշխիք:

Մարտիրոսեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող ազգային վարժարանները ծառայած են հայ ժողովուրդի զաւակներուն` անոնց ջամբելով հայեցի դաստիարակութիւն, գիտութիւն, ուսուցանելով մայրենի լեզուն, սովորութիւնները, պատմութիւնն ու մշակոյթը, փոխանցելով ազգային արժէքները եւ մանաւանդ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու ոգին` հայրենիքէն հեռու ստեղծելով փոքրիկ Հայաստան մը: Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնը աւելցուց, որ նորակառոյց վարժարանը միեւնոյն ոգիով ու հաւատքով պիտի շարունակէ ազգային վարժարաններու առաքելութիւնը:

Թալին Մարտիրոսեան ըսաւ, որ այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, կարիքը կը զգացուի Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման` մշակելու եւ իրականացնելու, ի մասնաւորի կրթական-ուսումնական ոլորտին մէջ, միացեալ ծրագիրներ, փոխանակելու փորձառութիւններ, երաշխաւորելու նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, որ ամէնէն ամուր պատուարն է ուծացման եւ այլասերման ալիքներուն դէմ:

Ապա խօսք առաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ նորակառոյց վարժարանի ծանօթացման անդրանիկ այցը ոգեւորիչ էր եւ տպաւորիչ: Ան ըսաւ, որ որակաւոր շէնքը կ’արդիւնաւորուի, երբ կառոյցէն դուրս կու գան որակաւոր սերունդներ, որոնց դաստիարակութեան եւ կրթութեան մեծապէս կը նպաստեն արդիական մեթոտները եւ ուսուցիչները: Ան մաղթեց, որ ուսուցիչները եռանդով եւ ոգեւորութեամբ կատարեն իրենց առաքելութիւնը` պատրաստելով մրցունակ հայեր, որոնք օտարութեան մէջ պիտի պահեն հայութեան գոյութիւնը:

Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ հայերը աշխարհին ապացուցած են, որ ո՛ւր ալ ապրին, կը նպաստեն երկրի զարգացման` աւելցնելով, որ այս իմաստով Լիբանանը լաւագոյն օրինակն է: Խօսելով հայ ուսուցիչին մասին` նախարարը հաստատեց, որ ամէնէն մեծ բարերարները հայրենիքէն դուրս ապրող հայ ուսուցիչներն ու մանկավարժներն են, որոնք նուիրուած են ազգին, եւ որոնց միջոցով հայը հայ կը մնայ, կը պահպանուին մեր արժէքները եւ ժառանգութիւնը: Աւարտին, Հ. Յակոբեան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ կայ այսպիսի հզօր դպրոց մը մեր սփիռքի մայրաքաղաք Լիբանանի մէջ. անիկա մեծագոյն նուէրն է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ համայն հայութեան. կառոյց մը, որ պիտի ծառայէ պատուական, ազգային եւ բարոյական նպատակներու»:

Այցելութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ, որպէսզի մեր համայնքի կեանքին մէջ հաստատուի կրթական նոր ոգեւորութիւն: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ հայութիւնը անցնող հարիւր տարիներուն կարողութիւնը ունեցած է իր գոյութիւնը պահելու եւ յառաջիկային ալ պէտք է շարունակէ իր կեանքը վարել հայօրէն, գիտակցօրէն, միշտ մնալով Հայաստանի կողքին եւ ապրելով հայութեան երազներու ճամբով:

Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Հայութիւնը կ’ապրի իր եկեղեցիներով, իր դպրոցներով, ակումբներով, միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով եւ պիտի ապրի, որովհետեւ մենք երազներ ու իտէալներ ունեցող ժողովուրդ ենք: Վերջապէս, բոլորս կը մաղթենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանը առաջնորդուի Միացեալ Հայաստանի տեսլականով»: Սրբազանը շեշտեց, որ գեղեցիկ շէնքը կ’իմաստաւորուի կրթական աշխատանքով եւ երեխաներու ճիչերով ու աղմուկով` յոյս յայտնելով, որ նոր տարեշրջանի վերամուտը արձանագրէ նոր նուաճումներ:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը այս անդրանիկ այցելութեան առիթով Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յանձնեց յուշանուէր մը, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: