Լիբանանեան կեանքի տխուր տեսարանին դիմաց, քաղցր բախտը կ՛ունենանք մեր վարժարաններուն մէջ դարձեալ ողջունելու կրթական նոր տարեշրջանի մը սկզբնաւորութիւնը:
Անկասկած, մեր կեանքը կազմալուծող տեսակաւոր հարցերն ու դժուարութիւնները, որոնց դիմաց երբեմն կը մնանք անզօր, շատ մեծ են ու խորունկ, սակայն մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ տոկալու եւ աշխատանքով նոր արդիւնք կերտելու կամքն ալ տակաւին կը մնայ մեծ: Հետեւաբար, արդիւնաշատ դպրոցական տարի մը ունենալու ցանկութեամբ, սրտագինս կ՛ողջունենք կրթական նոր տարեշրջանի մը վերամուտը եւ այս առիթով նաեւ կ՛աղօթենք, որ լիբանանահայ մեր ազգային ու հայկական բոլոր վարժարաններու երդիքին տակ մեր մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան աշխատանքները թափ առնեն խանդով ու եռանդով:
Մեր ապրած վերիվայրումներուն մէջ պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր ժողովուրդին կորովը նուազի ու ազգային գիտակցութիւնը պղտորի: Յատկապէս, պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր ազգի մտաւորական ձգտումներուն երաշխաւորը հանդիսացող հայ դպրոցը անգործութեան մատնուի: Անցնող երկու տարիներուն հայ դպրոցն ալ ապրեցաւ մեծ դժուարութիւններ, սակայն այսօր, համեմատաբար քիչ մը աւելի բարեյոյս մթնոլորտի մէջ, հայ դպրոցն ալ պէտք է ոգեւորուի ու նոր կեանքի մը ճամբան բանայ մեր առօրեային մէջ:
Այսօր, մեր գաղութը առաւելաբար պէտք ունի աշխատանքի եւ կարիքը ունի նաեւ նոր ու ընտիր արդիւնքի: Ուստի, պէտք է շարժման մէջ դնենք մեր կարելիութիւնները եւ նոր աշխատանքի թափ զետեղենք մասնաւորաբար հայ դպրոցի կեանքին մէջ, որպէսզի երկու տարիներու անկումային վիճակներէ ետք, մեր գաղութին վիճակուած եզակի պարտականութիւնները իրագործելու համար, վեր բարձրանալու նոր ճիգ կատարենք:
Այսօր Թարգմանչաց տօնն է` յիշատակը անոնց, որոնք հինգերորդ դարուն քրիստոնէական արժէքներով զարդարեցին հայ եկեղեցին եւ իրենց մտքի ու հոգիի լոյսով մեր ազգին կեանքը շքեղօրէն փայլեցուցին: Թարգմանչաց տօնը առիթ է մեր երախտիքը յայտնելու անոնց, որոնք աստուածային օժանդակութեամբ ազգային մշակոյթ ստեղծեցին եւ զայն կատարելագործելով հայութեան իմացական ու մշակութային ոսկեդարը կերտեցին:
Ոմանք կրնան մոռնալ, սակայն Թարգմանչաց յիշատակի նուիրական այս առիթով, ուրիշներու յիշողութեան մէջ դարձեալ կ՛արթննայ դարերու խորքէն մեզի հասնող հայ մշակոյթին ու հայ կրթութեան գործին ծառայելու կանչը, որ յատկապէս մերօրեայ կեանքի արտասովոր պայմաններուն մէջ, մեզի կը թելադրէ հայ աշակերտին դիմաց վստահութեամբ բանալ հայ մտքի տաճարներուն դռները, որպէսզի հայ դպրոցն ալ ապրի նոր խոյանքներ:
Հայ դպրոց կը պահենք, որպէսզի մեր զաւակներու հոգիներուն մէջ, մեր պատմութեան աւանդն ու մեր ազգի հոգին ապրեցնենք: Ուստի, անորոշութեանց ներկայ պայմաններուն մէջ, դէպի կարելին երթալու վճռականութեամբ, հայ դպրոցի երդիքին տակ աշխատանքի եռանդ ու մթնոլորտ պէտք է թարմացնենք եւ մեր աշխատանքին ընդմէջէն ալ մեր շրջապատին յիշեցնենք, որ անոնք, որոնք իսկապէս հայկականը կը փնտռեն եւ ազգայինը կը գնահատեն, պէտք է հայ դպրոցին նային արժանի գիտակցութեամբ ու անոր կողքին ըլլան վայելուչ կեցուածքով:
Հայ դպրոցը այսօր պէտք ունի տաղանդաւոր ու բարեխիղճ մշակներու, իշխանավայել կեցուածքով հայ կրթութեան վսեմ գործին աջակցող բարերարներու, հայութեան ճամբաներէն հաւատարմութեամբ քալել գիտցող ծնողներու եւ ուսման հետամուտ ու մեր ազգի տեսիլքներուն հրայրքը տենչացող աշակերտներու:
Ժամանակները կրնան փոխուիլ եւ կեանքի դժուարութիւններն ալ կրնան երբեմն սաստկանալ, սակայն մեր օրերու հարցերը պէտք չէ շփոթ ստեղծեն մեր կեանքին մէջ ու մեր յիշողութենէն խլեն այն ինչ որ պատմութեան փոթորիկներն անգամ չկրցան խախտել: Հայ դպրոցը կը մնայ լիբանանահայ մեր ժողովուրդի գիտակից կամքին վաւերական վկայութիւնը: Հետեւաբար, այնքան ատեն որ մեր մէջ կ՛ապրի հայութեան հոգին ու այնքան ատեն որ հետամուտ ենք մեր մատղաշ սերունդի լուսաւորութեան գործին, պէտք չէ տարակուսինք: Մեր ապրած դարաւոր տագնապներուն մէջ, Աստուծոյ փրկաւէտ զօրութիւնը երբեք չէ լքած մեզ:
Երախտիք բոլոր անոնց, որոնք անցնող ժամանակներուն, հայ դպրոցին ընդմէջէն, գիտակցօրէն պաշտպանեցին մեր ազգի հոգեկան ու մտաւորական արժէքները եւ երախտիք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նուիրումի ազնուագոյն արտայայտութիւններով կը շարունակեն աջակից մնալ հայ դպրոցին:
Եւ փառք տանք Աստուծոյ, որ իր զօրութեամբ միշտ կը պահէ մեր ժողովուրդը եւ կը պահպանէ մեր հայրերուն աւանդն ու նուիրական ժառանգութիւնները:
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ