Երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 1:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հաւաքին ներկայ էին նաեւ յիշեալ վարժարաններուն եւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնները, կրթական պատասխանատուներ եւ ուսուցիչներ:
Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հաւաքը եզակի նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպատակն է ծանօթանալ Ազգային առաջնորդարանին եւ սրբազան հօր հետ ունենալ մտերմիկ ու հարազատ հանդիպում մը:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով ըսաւ, որ անցնող աւելի քան 12 տարիներուն ընթացքին աշակերտները ապրեցան Ազգային վարժարանի ընդհանուր միջավայրին ու մթնոլորտին մէջ, սակայն այդ բոլորին հովանաւորը եւ այդ բոլոր աշխատանքներուն համակարգումը կատարող Ազգային առաջնորդարանին թերեւս անուղղակիօրէն կրցան ծանօթանալ: Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ունենալ նմանօրինակ հանդիպում մը, որպէսզի մեր շրջանաւարտները, որոնք կեանքի նոր փուլ պիտի մտնեն եւ պիտի ունենան մասնագիտական աշխատանքներ, չմոռնան իրենց արմատները, միջավայրը, իրենց անցուցած կարեւոր փուլը եւ ապագային իրենց մասնագիտութեամբ այդ կառոյցին օգտակար դառնան:
Հաւաթեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանին կառոյցը, Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը, առաջնորդարանի յարկին տակ գործող բոլոր խորհուրդներն ու յանձնախումբերը, պաշտօնէութիւնը եւ բացատրութիւններ տուաւ իւրաքանչիւրին աշխատանքային դաշտին մասին:
«Մեր ապագան հիմնականին մէջ հիմնուած է ձեր վաղուան ուսումին եւ մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ այդ ուսման ճամբով ձեր ունենալիք դերակատարութեան վրայ: Ազգային վարժարանէն եկող շրջանաւարտը յաւելեալ պարտաւորութիւններ ունի մեր կեանքի ղեկավարման մէջ», շեշտեց Յակոբ Հաւաթեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց աշակերտներուն ամբողջական կերպով տէր դառնալու իրենց ստացած ուսումին եւ իրենց փոխանցուած մթնոլորտին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց ընծայուած առիթին համար` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային այս բնոյթի հանդիպումներ յաճախ կազմակերպուին: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ ժամանակը իրեն հետ նորութիւններ կը բերէ, եւ մենք կ՛որդեգրենք այդ նորութիւններէն ինչ որ մեզի օգտակար է, որպէսզի մեր կեանքը նորոգենք, աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը, եկեղեցին եւ հայ դպրոցը շարունակաբար նորոգութեան պէտք ունին, որպէսզի ժամանակակից ըլլան, այլապէս անոնք կը դառնան ժամանակավրէպ:
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ յատկանշական ժամանակահատուածի մը մէջ ենք, որովհետեւ սկսած ենք կարգ մը նորոգութիւններ կատարել եւ այդ հոլովոյթը սկսանք հայ դպրոցով: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2017 տարին հռչակեց «Վերանորոգման տարի»` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն բան վերանորոգել, որպէսզի մեր աշխատանքը ներկայ պայմաններուն մէջ յաւելեալ արդիւնք տայ:
«Հիմնականին մէջ մենք պէտք է մեր մէջ վերանորոգենք հաւատքը, ազգային գիտակցութիւնը, որպէսզի մեր երթը ըլլայ ամուր: Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք իբրեւ հայեր, սակայն մեր հայրենի հողէն հեռու մեր ազգային գիտակցութիւնը եւ մեր հայրերուն հաւատքը պահելը դիւրին գործ չէ, մանաւանդ ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ: Հետեւաբար պէտք է վերանորոգենք մեր հայրերուն հաւատքը, նաեւ ազգին նկատմամբ մեր գիտակցութիւնը, որպէսզի ըլլանք արժանի ժառանգորդը մեզ կանխող սերունդներուն» շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մենք յաճախ կը կրկնենք, որ տենչեր ունինք` ազգային դատ, որուն լուծումը կախեալ է յաջորդական սերունդներու աշխատանքէն:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ օր մը աշակերտները իրենց հաւաքած գիտութիւնը, ծանօթութիւնը, կեանքի փորձառութիւնը միախառնեն հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի կեանքին, որպէսզի այդ բոլորը իրենցմով վերանորոգուին, նոր ուժականութեամբ յարատեւելու համար սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ 100 տարի մեր ժողովուրդը իր փորձառութեամբ, իր քրտինքով, իր վաստակով մնաց հարազատ իր նկարագիրին, աղօթեց իր հայրերուն հաւատքով, խօսեցաւ իր հայրերուն լեզուով եւ երազեց իր հայրերուն տեսիլքով` հաստատելով, որ կարելի է այսօր եւս միեւնոյն հաւատարմութեամբ մեր կեանքին ընթացքը շարունակել: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ Անոնք դպրոցին մէջ անհրաժեշտ ուսումը եւ դաստիարակութիւնը ստացան եւ այդ բոլորը իրենց հետ պիտի տանին դէպի աշխարհ, սակայն հարստացած եւ վերադարձնելու պայմանով:
Հանդիպում-զրոյցի աւարտին աշակերտները հարցումներ հարցուցին Ուսումնական խորհուրդի աշխատելաձեւին, Ազգային վարժարաններու միաւորման հոլովոյթին, Ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրներուն, համալսարանական ֆոնտերու ընձեռած կարելիութիւններուն, Ազգային առաջնորդարանի ծառայութիւններուն, հայրենիք-գաղութ կապերուն, Հայաստանի մէջ ուսման կարելիութիւններուն եւ այլ ազգային ու հոգեւոր հարցերու եւ ծրագիրներու շուրջ:
Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը պատասխանեցին հարցումներուն եւ կատարեցին համապատասխան լուսաբանութիւններ` հաստատելով, որ աշակերտները վաղուան ղեկավարներն են, որոնք պիտի շարունակեն աշխատանքը: Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Ազգային վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներու հետաքրքրութիւնը ազգային եւ եկեղեցական մարտահրաւէրներուն շուրջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որմէ ետք աշակերտները շրջագայեցան Ազգային առաջնորդարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալու անոր բաժանմունքներուն եւ աշխատանքներուն: