Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հրաւէրով եւ ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովի անդամներուն, հինգշաբթի 20 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութիւններուն հետ:
Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան նկատել տուաւ, որ այս հանդիպումը առիթ պիտի հանդիսանայ քննարկելու թաղականութիւններուն աշխատանքը, նաեւ խօսելու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Քահանայ հայրը անդրադարձաւ Կրօնական ժողովի յառաջիկայ ծրագիրներուն. ա) Հոգեւոր լսարաններ, զորս աշխուժացնելու համար աշխատանք պիտի տարուի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, բ) Երիտասարդներուն համար յատուկ դասախօսական շարքեր` զիրենք եկեղեցւոյ կեանքի մէջ ներգրաւելու համար, գ) Անուանակոչութիւններու կողքին ձեռնարկներ կազմակերպել ազգային կամ տօնական օրերու առիթով, դ) Գրասենեակներու աշխատանքները արդիականացնել` որդեգրելով ե-նամակի դրութիւնը:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով ըսաւ, որ նման օգտակար հանդիպումներ պէտք է տարին քանի մը անգամ կազմակերպել, որպէսզի միասնաբար զրուցելով այս գործը կարենանք յաջողութեամբ յառաջ տանիլ: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս կը գտնուինք լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց, եւ օրըստօրէ աւելի կը շեշտուի մեր ժողովուրդին հետ ըլլալու, զայն հասկնալու, անոր ցաւերը եւ տագնապները ըմբռնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ասիկա միայն գրասենեակներով եւ համապատասխան կեդրոնական ղեկավարութիւններով չ՛ըլլար: Ժողովուրդին հետ կապերը նաեւ թաղականութիւններն են, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ ականջալուր եւ ականատես են այդ բոլորին:
«Մենք ստիպուած ենք սովորականէն եւ աւանդականէն դուրս բերելու մեր գործունէութիւնը, որովհետեւ պայմանները մեզի այդպէս կը թելադրեն», հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ եթէ մենք նախանձախնդիր ենք, մեր եկեղեցիներուն շուրջ մեր ժողովուրդը համախմբենք, մեր ժողովուրդի դաստիարակութեան մէջ դերակատար դառնանք, թոյլ չտանք, որ մեր ժողովուրդը դէպի օտար բարքեր եւ երեւոյթներ ուղղուի: Յակոբ Հաւաթեան կարեւոր նկատեց նաեւ երիտասարդ մարդուժի հաւաքը, ատիկա ըլլայ դպրաց դասերու ճամբով կամ թաղականութեանց մէջ երիտասարդ տարրերու ներառումով: «Մենք բոլորս մեծ աշխատանք կը տանինք: Կամաւոր ծառայութիւնը տնտեսական, ընկերային այս նեղ կացութեան մէջ դժուար է իրականացնել եւ նման մեծաթիւ խմբակ մը այս կարեւոր առաքելութեան շուրջ համախմբել», շեշտեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մեր աշխատանքը արդիականացնելը համահունչ ներկայ պայմաններուն եւ կարելիութիւններուն:
Ան նկատել տուաւ, որ կան բազմաթիւ համալսարանական երիտասարդներ եւ պարմանուհիներ, որոնք կ՛ուզեն եկեղեցւոյ ճամբով իրենց ազգին ծառայել, եւ կարելի է դիմել անոնց: «Մեր թաղականութիւնները կը կազմեն հիմերը մեր ազգային կեանքին, Ազգային առաջնորդարանին: Անոնց գործին աշխուժացումը եւ յաջողութիւնը առաջնորդարանի կառոյցին յաջողութիւնն է», հաստատեց Յ. Հաւաթեան` աւելցնելով, որ թաղականութիւնները միայն անուանակոչութիւններ եւ խորհրդակատարութիւններու հսկողութիւն չէ որ կը կատարեն, այլ ամբողջ շրջանի մը հայութեան կապը կը հանդիսանան եկեղեցւոյ, ժողովուրդին, մեր աւանդութիւններուն եւ մեր մշակոյթի գանձարանին, ինչ որ շատ կարեւոր հանգամանք է:
Հաւաթեան հաստատեց, որ ասիկա ամէնէն կարեւոր օղակն է, որ մենք եկած ենք այսօր հաստատելու, արժեւորելու եւ յառաջիկայ գործը առաջ տանելու` աւելցնելով, որ Ազգային վարչութիւնը յառաջիկայ հանգրուաններուն թաղականութեանց հետ պիտի ստեղծէ ուղիղ կապ, այդ մէկը կրնայ ըլլալ այցելութիւններու ճամբով` միասնաբար քննարկելու աշխատանքը եւ մեր գործունէութեան դաշտը ընդարձակելու: Ազգային վարչութեան ատենապետը ըսաւ, որ ամէն բան պէտք է բխի դպրոցի եւ եկեղեցւոյ շահի հասկացողութենէն եւ վարժարանները պէտք է դառնան թաղականութեանց գուրգուրանքի անմիջական առարկան: Ան յայտնեց, որ երբ դպրոցներու միաւորումը տեղի ունենայ, Պուրճ Համուտի թաղականութիւնները պէտք է գիտակցին եւ ըմբռնեն, որ իրենց բոլորին վարժարանը պիտի դառնայ Ազգային միացեալ վարժարանը:
Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ թաղականութեանց իրենց մտահոգութիւնները փոխանցելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու:
Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան իր կարգին խօսք առնելով գոհունակութիւն յայտնեց, որ թաղականութիւնները մեծաթիւ ընդառաջած են հրաւէրին: Ան նկատել տուաւ, որ վերջին տարիներուն Կրօնական ժողովը հանդիպում կ՛ունենար թաղականութեանց հետ, սակայն Ազգային վարչութիւնը յարմար տեսած է, որ թաղականութեանց հետ կապը վերահաստատէ եւ անոնց հետ աշխատելու յաւելեալ առիթներ ստեղծէ, որպէսզի ծխային մակարդակով յաւելեալ աշխուժութիւն եւ եռանդ ստեղծուի մեր կեանքին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ կատարուելիք շատ աշխատանք կայ: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին միջեւ յարաբերութեան եղանակը սերտացնել եւ յաւելեալ նախանձախնդրութեամբ պահել մեր աւանդները:
Սրբազան Հայրը թաղականութեանց կազմերուն յիշեցուց, որ 20-27 նոյեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հովուապետական այցելութիւն պիտի տայ Լիբանանի թեմ եւ թելադրեց, որ բոլորը իրենց աջակցութիւնը բերեն այդ այցելութեան եւ իրենց գնահատանքը արտայայտեն վեհափառին: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ժողովականներուն ներկայացուց վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութեան ամբողջ շաբթուան ծրագիրը: