Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հանդիսաւոր Նշում Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 19 դեկտեմբերին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, թէ անկասկած հայ եկեղեցւոյ դաւանած ամէնէն ժողովրդական սուրբերէն մէկն է Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը, որ ծագումով ասորի ըլլալով հանդերձ ազգականական կապով շատ մօտ է մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, նաեւ հաւանաբար որովհետեւ իր կեանքին վերագրուող դրուագ մը զինք կ՛առնչէ հայոց պատմութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Ս. Յակոբ մեզի ներկայացած է, իբրեւ հզօր անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մը, իբրեւ մէկը, որ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ գործած է հեղինակութեամբ, սակայն եղած է խստակեաց ճգնաւոր, բայց մօտէն առնչուած է իր ժողովուրդի կեանքին եւ զայն պաշտպանած բազում տագնապներու դիմաց, այդ պատճառով ալ ան դարձած է ժողովուրդին կողմէ պաշտելի անձնաւորութիւն մը, որուն կը վերագրուին բազմաթիւ հրաշագործութիւններ:

Անդրադառնալով այն դրուագին, որ Ս. Յակոբը կ՛առնչէ հայոց պատմութեան, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ ըստ աւանդութեան, ժողովուրդը կը կասկածէր ջրհեղեղի, ինչպէս նաեւ Նոյեան տապանի դրուագին ճշմարտութենէն: Առ այդ, իր յառաջացած տարիքին Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը յանձն կ՛առնէ բարձրանալ Արարատ լեռ, որպէսզի թերահաւատներուն ցոյց տայ, թէ իսկապէս Նոյեան տապանը հաստատուած է Արարատ լերան վրայ: Տիրոջ հրեշտակը տեսնելով սուրբին ջերմեռանդութիւնը, գթալով անոր վրայ, ճանապարհի ընթացքին անոր կը յանձնէ տապանէն մասունք մը, որպէսզի անոր միջոցով թերահաւատները հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ: Այդ մասունքը կը գտնուի Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ժամանակները փոխուած են: Անցեալին մեր ժողովուրդը անուս էր, սակայն ջերմեռանդ էր: Ներկայիս կը գտնուինք այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք ո՛չ միայն մեզ մեր եկեղեցւոյ հաւատքէն եւ սրբութիւններէն կը հեռացնեն, այլեւ մեզ կը տանին անորոշ կեանքի պայմաններու ուղիով: «Բոլորս ալ գիտենք, որ բաւական հեռացած ենք հայ եկեղեցւոյ հաւատքի ակունքներէն, ինչպէս նաեւ ազգային նուիրական աւանդներէն եւ սրբութիւններէն: Մեր դաստիարակութեան յանձնուած նոր սերունդի ներկայացուցիչները կարծէք բոլորովին անջատուած են ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքէն եւ կ՛ապրին աննպատակ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ սուրբերը Աստուծոյ կողմէ ղրկուած առաքեալներ են, իւրաքանչիւրիս օրինակով կեանքին մէջ պարտականութիւններ իրականացնելու, իրենց հաւատքի օրինակով եւ իրենց աշխատանքի եռանդով ու ոճով մեզ վերականգնելու եւ տանելու դէպի Աստուած:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց անհրաժեշտութիւնը սուրբերուն յոյսն ու հաւատքը տեղադրելու մեր կեանքին մէջ, որպէսզի անդրադառնանք, թէ առանց պատասխանատուութեան կը հեռանանք Աստուծոյ ստեղծագործութեան նպատակէն: Աստուած իր սուրբերը մեր մէջ աշխարհ կը ղրկէ, որպէսզի մենք սթափինք ու հաւատքի լոյսով դիտենք մեր կեանքը եւ անոր միջոցով պարտականութիւններ ստանձնենք մեր առօրեային մէջ, որպէսզի եկեղեցին կանգուն մնայ, եւ մարդը ինքզինք վերահաստատէ: Սուրբերը նաեւ մեզի կը յիշեցնեն, թէ անցնող դարերուն եկեղեցւոյ ճամբով դէպի Աստուած բարձրանալու անթիւ եւ անհամար ճամբաներ բացուած են մեր դիմաց: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ մարդկութիւնը բազմիցս, ստեղծագործութեան օրերէն սկսեալ մինչեւ մեր ժամանակները, իր կեանքը առաջնորդած է տագնապներու եւ անկումներու ընդմէջէն, բայց լրիւ չէ խորտակած ինքզինք, նաեւ չէ կորսնցուցած ինքզինք վերականգնելու կարողութիւնը` աւելցնելով, որ սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ այս աշխարհի նոյնիսկ խորտակուած կացութեան պայմաններուն մէջ, երբ սթափինք եւ ուշքի գանք, անպայմանօրէն կրնանք հասնիլ մեր երկնաւոր հօր:

«Սուրբերը մեզի կը թելադրեն սթափիլ եւ անդրադառնալ, որ աշխարհի փայլքը չէ մեծութիւնը, այլ` կեանքին մէջ կան պաշտելի արժէքներ, որոնք պէտք է պաշտպանուին մեր կողմէ, որպէսզի մենք մեր պայմաններով չխորտակենք մենք զմեզ, նաեւ չխորտակենք կեանքը, որ Աստուած իբրեւ բարիք եւ սիրոյ արտայայտութիւն ընծայեց մարդկութեան համար: Սթափինք, զգաստանանք եւ վերադառնանք մեր արարիչին, որպէսզի իրմով կեանքի անցաւոր այս տագնապները շրջանցելով յաջողինք մեր լոյս հաւատքով հասնիլ իր անմահական շնորհներուն ու պարգեւներուն», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: