Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, երէկ` կիրակի, 30 սեպտեմբեր 2018-ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ մէջ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը նշելը առիթ է, որ անդրադառնանք այն ծառայութիւններուն, որ եկեղեցին իր թաղականութեան ընդմէջէն մատուցած է շրջանին մէջ:
Սրբազան Հայրը լուսարձակի տակ առնելով Ս. Գէորգի կեանքը ըսաւ, թէ ան տիեզերական եկեղեցւոյ սուրբերէն մէկն է եւ մեծ ճանաչում ունի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն միաժամանակ մեր ժողովուրդի զաւակներու սիրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ` աւելցնելով, որ 4-րդ դարուն նահատակութեան Ս. պսակին արժանացած Ս. Գէորգ բանակի զօրավար մըն էր, որ քաջաբար ընդդիմացաւ թագաւորին այն հրովարտակին, որ կ՛արգիլէր քրիստոնէութեան հետեւիլ, եւ խիզախութիւնը ունեցաւ պատռելու հրովարտակն ու հռչակելու Քրիստոսի անխորտակելի իշխանութիւնը երկրի վրայ եւ երկինքի մէջ:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ շնորհիւ անոր հաւատքին եւ արի կեցուածքին շատեր, նոյնիսկ թագուհին հետեւեցան իր կեանքի օրինակին եւ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը: «Քրիստոնէութեան առաջին չորս դարերը յատկապէս եղած են խմորումի շրջաններ: Քրիստոնէութիւնը զարնուած է կեանքի փորձաքարին եւ իբրեւ հաւատք ու գործ տուած է բազմաթիւ կենդանի վկաներ եւ արեան նահատակներ: Ս. Գէորգ իր պանծալի տեղը կը գրաւէ այս վկաներու եւ նահատակներու հոյլին մէջ», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Շարունակելով իր պատգամը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Այսօր ո՛չ միայն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը տօնենք իբրեւ քարեղէն սրբազան կառոյց, այլեւ բոլորս պէտք է անդրադառնանք, որ եկեղեցին մենք ենք եւ կը հաւաքուինք մեր Տիրոջ անունով, կը վկայենք մեր հայ քրիստոնէական ինքնութեան եւ կ՛ապրինք հայ քրիստոնէական կեանք մը»: Ան աւելցուց, որ հայ եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը եւ հայ քրիստոնեայի մեր ինքնութիւնը պէտք է ցոլացնենք մեր կեանքի բոլոր օրերուն եւ փուլերուն ընթացքին: Սրբազանը շեշտեց, որ հայ քրիստոնեան այն անձն է, որ հաւատքով, աղօթքով, նախանձախնդրութեամբ, զոհողութեամբ եւ մասնակցութեամբ իր բաժինը կը բերէ իր եկեղեցւոյ, իր դպրոցին, իր ակումբին եւ իր միութիւններու մեծ ընտանիքին: «Երբ մեր սուրբերը եւ հերոսները կը յիշենք եւ կը պանծացնենք միաժամանակ կը վերահաստատենք մեր ուխտը, թէ պիտի հետեւինք անոնց կենդանի օրինակին», ըսաւ Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ քարոզին բնաբանը կ՛ընդգծէ երկու տարածքներ. ա) երկրի վրայ նահատակութիւն, բ) երկինքի մէջ սուրբերու հետ դասուիլ, եւ Ս. Գէորգ իր կեանքին օրինակով մեզի համար կը դառնայ այս երկուքին տիպարը: «Այսօր մեզմէ չի պահանջուիր արեան նահատակութիւն, այլ` կը պահանջուի կեանքի նահատակութիւն: Կեանքին մէջ մեր կատարած զոհողութիւններով մեր կեանքը պէտք է չափենք ու կշռենք, եւ այն ատեն մեր կեանքը իմաստ կ՛ունենայ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ պատարագի աւարտին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն բոլոր այն հայորդիներուն համար, որոնք Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ընդմէջէն իբրեւ թաղական ծառայեցին մեր ժողովուրդին` աւելցնելով, որ մեր ննջեցեալները յիշել կը նշանակէ իրարու կապել եկեղեցւոյ յաղթական թեւը եւ զինուորեալ թեւը, որովհետեւ եկեղեցին ունի այն անձերը, որոնք գործեցին եւ այսօր կը ննջեն եւ կը բնորոշուին իբրեւ յաղթական եկեղեցին, եւ ունի երկրորդ խումբ մը` հաւատացեալները, որոնք աշխարհի մէջ զինուորական կարգապահութեամբ կ՛ապրին, կը պաշտպանեն մեր հայ քրիստոնէական հաւատքը եւ կը բնորոշուին իբրեւ զինուորեալ եկեղեցի: «Մեզմէ առաջ ուրիշներ եկան ու ծառայեցին, եւ այսօր մենք անոնց յիշատակին դիմաց յարգանքով կը խոնարհինք եւ կը յիշենք զիրենք: Այսօր մենք կը ծառայենք, զանազան մարզերու մէջ, եւ վստահ եղէք, որ յաջորդ սերունդները մեզ եւս պիտի յիշեն, եւ այսպէս պիտի շարունակուի մեր հաւաքական կեանքը, մեր ծառայական կեանքը, որպէսզի հայ եկեղեցին մնայ միշտ պայծառ, եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ գործող մեր բոլոր կառոյցները ըլլան առողջ, ըլլան տեսլապաշտ, եւ մանաւանդ ըլլան օրհնութեան աղբիւրներ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար», ընդգծեց Սրբազան Հայրը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն: