Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 29 մայիսին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Արդարեւ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց հանրապետական մաղթանք եւ օրհնեց եռագոյն դրօշը, որմէ ետք դպրաց դասը մեկնաբանեց «Մեր հայրենիք» քայլերգը:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցիներուն ղօղանջող զանգերը մեզ կը հրաւիրեն մեր հոգիները ուղղելու դէպի Հայաստան աշխարհ` ոգեկոչելու համար անոր անկախութեան 104-րդ տարեդարձը:

«Վստահաբար մենք գիտենք, որ վեց դարերու ստրկութեան պայմաններէ ետք, երբ հայ ժողովուրդը համարեա դարձած էր արիւնաքամ, երբ թրքական բանակները հասած էին Երեւանի դռներուն, եւ Հայաստանը, լքուած իր բախտին, իրողապէս անէանալու սպառնալիքին դիմաց կը գտնուէր, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, մեր ժողովուրդը ոտքի կանգնցաւ եւ իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով մայիսեան յաղթանակը ապահովեց», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մայիսի 28-ը մեր ազգային գիտակցութեան ամէնէն փառաւոր էջերէն մին է, եւ այդ առիթով մեր եկեղեցիներէն ներս մասնաւոր աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած` իր պահապան աջին զօրութիւնը հայցելու համար հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին համար, ուր ազգովին ներկայ պէտք է ըլլանք բոլորս: Առաջորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս առիթով կ՛օրհնենք նաեւ մայիս 28-ով պարզուած եռագոյն մեր դրօշը` մեր սիրտը տաքցնող, մեր հայեացքը պայծառացնող յաղթանակի այս նշանը, որ երկրէ երկիր մեզի հետ տարինք եւ մեր կեանքի բարձրագոյն պատուանդանին վրայ զետեղեցինք, շեշտելով, որ մեր դրօշը պէտք չէ խոնարհի աշխարհի արժէքներուն դիմաց, որպէսզի անով ջերմացնենք մեր առօրեան եւ նոր կեանք տանք յանուն գոյութեան մեր մղած պայքարներուն:

«Անկասկած, անկախութեան հասնելու համար,  մեր ազգի կեանքը անցած է արեան ճամբաներէ: Արդարեւ, անթիւ հերոսներ իրենց կեանքը ընծայաբերեցին հայրենիքի բագինին, որպէսզի  Հայաստանը անկախանայ, եւ հայութիւնը ապրի համաձայն մեր ազգի իտէալներուն ու դարաւոր իղձերուն: Այսօր Հայաստանը դարձեալ կը գտնուի գոյութենական ծանր խնդիրներու դիմաց եւ մինակ է իր ճակատագրին հետ: Ոչ միայն մինակ է իր գոյութիւնը պաշտպանելու իր ճիգին մէջ, այլեւ մինակ` Արցախի ռազմադաշտին վրայ նահատակուած մեր զաւակներու սուգին ու հայրենի հողի կորուստին առթաց ցաւին հետ», շեշտեց Սրբազան Հայրը` յորդորելով ներկաները աղօթելու, որպէսզի մեզի ազատութիւն պարգեւող սերունդին ձայնը միշտ մնայ զօրեղ մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի դէպի ազգային անկատար տենչեր ուղղելով մեր հայեացքը, գալիք պայծառ օրերու հեռանկարով, մենք մեր անձերուն ընծայումով շարունակենք նուիրեալները ըլլալ մեր գոյութեան գրաւականն ու երաշխիքը եղող Հայաստանին, նաեւ` աղօթելու, որպէսզի մեր ազգի ապրած մերօրեայ ժամանակաւոր նահանջին յաջորդեն նոր յաղթանակներ, որոնց համար պարտինք դարձեալ մեր ձեռքերը իրարու երկարել, որպէսզի հայրենիքին հանդէպ գերագոյն նուիրումով մեր խղճին պարտքը կատարենք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` 28 մայիս 1918-ին զոհուած քաջարի նահատակներուն հոգիներուն համար: