Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 9 յունիսին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Սրբազան Հայրը, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ հոգեգալուստը եկեղեցւոյ պատմութեան եւ կեանքին մէջ այն դարձակէտը եղաւ, երբ յուսահատած եւ տկարացած առաքեալներ ու հաւատացեալներ անգամ մը եւս Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ գիտակից դարձան, որ աստուածային զօրութիւնը զիրենք պիտի առաջնորդէ` իրենց հաւատքը քաջաբար յայտարարելու եւ տարածելու աշխարհի չորս կողմերը: Ան ըսաւ, որ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները ստացան Ս. Հոգին եւ Հայաստան գալով` քարոզեցին հայ ժողովուրդին եւ տառապեցան, չարչարուեցան, հալածուեցան, նահատակուեցան Հայաստանի մէջ եւ մեզի տուին Աստուծոյ գերագոյն սիրոյն հատիկները, որպէսզի մենք զանոնք մեր հայրենի հողին մէջ ցանենք, մշակենք եւ անոնց հունձքը վայելենք: Սրբազանը ըսաւ, որ այս դէպքը պատահեցաւ Ա. դարուն եւ անկէ ետք հայ ժողովուրդը դարձաւ Աստուծոյ հաւատարիմ աշակերտը եւ համարձակ վկան, որովհետեւ Ս. Հոգիին ուժականութիւնը ոչ միայն մեզ դարձուց քրիստոնեայ, այլեւ շաղախուեցաւ մեր ինքնութեան, մշակոյթին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն հետ եւ դարձաւ հայ քրիստոնէական ինքնութիւն ու կեանք, դարձաւ հայուն իւրայատուկ հրաշք, որով մենք դիմացանք բոլոր դարերու տագնապներուն ու դժուարութիւններուն եւ յաղթահարեցինք զանոնք ու վերածեցինք ստեղծագործական թռիչքի:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Տիրամայր Սեդա Գաբրիէլեան-Խաչերեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճեմեանը խօսք առնելով` նկատել տուաւ, որ պատահական չէ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը, որովհետեւ որպէս Սուրբ Հոգւոյ պատգամաւոր` ինք եկաւ, որպէսզի, ինչպէս որ վերնատան մէջ Քրիստոս իր աշակերտներուն ղրկեց Սուրբ Հոգին, նոյնպէս ալ այսօր սրբազան հայրը բաշխէ մեզի Սուրբ Հոգիին շնորհները իր օրհնութեան ճամբով, աւելցնելով, որ սրբազան հօր ներկայութիւնը առաւել եւս ուժ, կորով եւ հաւատք կու տայ` մեր կեանքը շարունակելու դէպի աւելի լաւը: Ան մաղթեց, որ սրբազան հայրը միշտ այցելէ շրջան, որպէսզի իրենց կամքը, կորովն ու հաւատքը յարատեւ վերանորոգութեան մէջ ըլլայ:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի աշակերտներ Աբրահամ Արեճեանը, Էնժի Մազմանեանը եւ Լուսին Մկրեանը, որոնք մեկնաբանեցին խմբային արտասանութիւն մը:
Սրբազան Հայրը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ եկեղեցւոյ, դպրոցի, նաեւ միութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուները միասնաբար նոյն նպատակին համար կը ծառայեն, կ՛աշխատին, կ՛աղօթեն, կը սորվեցնեն, կը պայքարին եւ այսպէս պիտի շարունակեն: Այնուհետեւ թաղականութիւնը Սրբազան Հօր նուիրեց անոր դիմանկարը, որ գծագրուած էր Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհիին կողմէ:
Ապա «Բերդավայր» կոմիտէութեան «Նաւասարդ» ակումբի սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով խօսք առաւ ազգային երեսփոխան տոքթ. Ֆիլիփ Բարակասեանը: Ան ըսաւ, որ Թրիփոլիի մէջ բոլորը երախտապարտ են սրբազան հօր տարած ազգանուէր գործունէութեան եւ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար` գաղութին նկատմամբ: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճեմեանը` շրջանին մէջ անոր տարած գործունէութեան համար, նաեւ` եկեղեցւոյ ընտանիքն ու շրջանի կոմիտէն: Ան յիշեց մեր ազգի նուիրեալ զաւակները, որոնք ինքնակամ ծառայած են Թրիփոլիի բարգաւաճման, գոյատեւման, նաեւ ազգապահպանման սուրբ գործին` վառ պահելով մեր ապագայ սերունդին մէջ հայ լեզուն եւ մշակոյթը: Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը նկատել տուաւ, որ նման սիրոյ սեղաններ մեզ հեռու կը պահեն այն մտահոգութենէն, որ մենք ձգած ենք մեր ընտանիքները եւ եկած` ժողովուրդին ծառայելու, որովհետեւ ժողովուրդը մեզի համար եղած է ընտանիք եւ նոյն գաղափարով, սիրով ու պատրաստակամութեամբ կը ծառայենք մեր սիրելի ժողովուրդին: