Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` վաղամեռիկ Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԶ. տարելիցին առիթով:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ցաւակցական ընդունելութիւն: Սրբազան Հայրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ մեր կեանքին մէջ կան արժէքներ, որոնք երբեմն պէտք է արժանանան արքայական կամ իշխանական աջակցութեան, որպէսզի յարատեւեն:
Անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, որ կը զուգադիպէր շաբաթ, 14 հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց իր գիրերու գիւտը կատարեց, բայց իր կողքին ունէր Վռամշապուհ թագաւորը, որուն աջակցութեամբ զօրացած իր գիւտը կեանքի կոչեց հայութեան համար դպրոցներ բանալով` աւելցնելով, որ առանց այդ արքայական կամ իշխանական աջակցութիւններուն հայ գիրը, հայ գրականութիւնը եւ մանաւանդ հայ դպրոցը չեն կրնար գոյատեւել մեր իրականութեան մէջ: «Շահպազեան ամոլը, իրենց վաղամեռիկ զաւակին յիշատակին, ամէն տարի իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ իշխանական աջակցութիւն կ՛ընծայեն հայ աշակերտին, հայ դպրոցին, եւ այդպիսով` հայ գիրին ու գրականութեան, որպէսզի այդ արժէքները մեր կեանքին մէջ յարատեւեն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` մաղթելով, որ Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը անթառամ մնայ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, նաեւ Աստուած Շահպազեան ամոլին եւ իրենց հարազատներուն առողջ կեանք պարգեւէ, որպէսզի նման իշխանավայել կեցուածքով շարունակեն իրենց զաւակին յիշատակը ապրեցնել` նոր սերունդներու կեանքին մէջ արժէք ստեղծելով: