Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Հովանաւորութեամբ Երեք Համայնքապետներուն. Աղօթքի Հոգեւոր Արարողութիւն` Ի Յարգանս Լիբանանի Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ:

Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ձեռնարկին ներկայ էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երեսփոխաններ Ալեքսան Մաթոսեան եւ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութեանց, կրթական, ընկերային, մշակութային, բարեգործական ու մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներ:

Յետ արարողութեան, խօսք առաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ անդրադարձաւ պայթումէն  քանի մը օր ետք կազմուած` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, պարզելով  ցարդ անոր իրագործած աշխատանքները վնասուածներու օժանդակութեան համար: «4 օգոստոսին քաղաքակրթութեանց եւ օրինաց բնօրրան այս քաղաքը արիւնլուայ արտասուեց, Պէյրութ իր հարազատ աչքերով ականատես եղաւ իր զաւակներու մասունքներուն ու պարզուած աւերին` շփոթելով ուրկէ սկսիլ իր վէրքերուն ամոքումը»: Վ. Օհանեան-Գէորգեան ցաւով անդրադարձաւ, թէ պայթումէն տարի մը ետք տակաւին իրականութիւնը չէ բացայայտուած ու զոհերու պարագաներուն թէ վնասուածներէն շատ շատերուն վէրքերը տակաւին չեն ամոքուած: Ան նշեց, որ այսօր տարի մը ետք տակաւին ամբողջ հայրենիքը արիւնլուայ զոհ է: Ան յայտնեց, թէ այս հայրենիքը մարդկութեան անունով կը պահանջէ ճշմարտութեան բացայայտումն ու համատարած ու ամբողջական արդարութեան իրագործումը: «Ինչպէս որ չլռեցինք որեւէ անիրաւութեան դէմ, դարձեալ պիտի չլռենք այս դարաշրջանի անարգ ոճիրին գծով ու պիտի պահանջենք իրականութեան բացայայտումն ու արդարութեան իրագործումը, ինչպէս նաեւ առանց խտրութեան բոլոր անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան վերացումը», ընդգծեց ան եւ աւելցուց. «Մենք` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնին մէջ, առաջին օրէն զօրավիգ ենք մեր ժողովուրդին»: «Այս մարմինը, որ կազմուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ անդամակցութեամբ հայ երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու, ընկերային ու բարեսիրական միութիւններու  ներկայացուցիչներուն, հաւաքագրեց անհրաժեշտ հաստատագիրները եւ հետեւեցաւ վնասուած անհատներու ապաքինման թէ բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն»: Ապա ան մանրամասն ներկայացուց նշեալ մարմինի ցարդ տարած աշխատանքներու գործնական արդիւնքներուն, ֆինանսաւորումին, վնասներու թուագրման եւ յարակից աշխատանքներուն` ընդգծելով, որ մարմինը ցարդ կատարած է 2000 բնակարաններու վերանորոգութեան աշխատանքը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան այս առիթով իր եւ նշեալ մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով եւ օժանդակութեամբ կարելի եղաւ հայ համայնքի 14 զոհերու ընտանեկան պարագաներուն տրամադրել հոգեկան, բարոյական ու նիւթական աջակցութիւն: Ան իր խօսքի աւարտին  առողջութիւն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` յոյս յայտնելով, որ զոհերու հոգիները կը հանգչին միայն իրականութեան, արդարութեան եւ հաշուետուութեան իրագործումով: