ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ցուցմունքով ու պետականօրէն թելադրուած նոր որոշումներու լոյսին տակ, այսու կը տեղեկացնենք, որ հաւատացեալ մեր ժողովուրդը «Քորոնա» համաճարակի սաստկացող վտանգներէն պաշտպանելու դիտաւորութեամբ, կիրակի, 2 օգոստոս 2020-ին եւ կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին ու Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի արարողութիւնները պիտի կատարուին համարեա առանց ժողովուրդի ներկայութեան ու կրճատուած թիւով դպիր-դպրուհիներու մասնակցութեամբ։
Այս առիթով կը թելադրուի, որ եկեղեցի յաճախողներ անպայմանօրէն օգտագործեն բժշկական դիմակ եւ յարգեն իրար միջեւ ապահով հեռաւորութիւն պահելու սկզբունքը։