Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, երկուշաբթի, 24 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ` Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք տօնելու նախատօնակը այն հոյլ մը հոգեւորականներուն, որոնք Վարդանանց ճակատամարտի նախօրեակին, հայոց բանակին հետ միասին, նաեւ ժողովուրդին կողքին մնալով` խրախուսեցին, քաջալերեցին, հոգեռանդ նուիրումով առաջնորդեցին, որպէսզի հայ ժողովուրդը իրեն վիճակուած դառն կացութեան դիմաց յաղթական կեցուածքով շարունակէ իր պայքարը եւ իր կամքը պարտադրէ հայութիւնը կրօնափոխ ընելու որոշումով Հայաստան ներխուժող պարսից բանակին:
Սրբազանը յայտնեց, որ Վարդանանց հերոսամարտի տօնի նախօրեակին հոգեւորականները պահ մը կ՛առանձնանան, որպէսզի դիտեն Սրբոց Ղեւոնդեանց օրինակին` նայելով իրենց վիճակուած առաքելութիւնը, եւ իրենց աշխատանքին համար գտնեն նոր ներշնչում, քաջալերանք եւ ուղղութիւն` ուղեցոյց ունենալով Քրիստոսի յաւերժ կենդանի խօսքը, որ կ՛ըսէ` «Ես եմ քաջ հովիւը»: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան աւելցուց, որ քաջ հովիւը ան է, որ իր անձը կ՛ընծայէ իր հօտին համար, աւելցնելով, որ հոգեւորականները նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ միասին կը մտածեն ա՛յն ճշմարտութեան մասին, թէ քրիստոնէութիւնը պարտութեան, տեղատուութեան, նահանջի կրօն չէ, այլ յաղթանակի կրօն է, որ քաջութեան կը հրաւիրէ հաւատացեալը անոր յիշեցնելով, որ կեանքի տեսակաւոր փորձութեանց եւ տագնապներու ընթացքին Աստուծոյ ապաւինելով` անպայմանօրէն կը յաջողի պարտութեան մատնել իր դէմ ցցուած ամէն տեսակի դժուարութիւններն ու տագնապները:
Սրբազանը շեշտեց, որ այս ճշմարտութիւններուն կը հրաւիրեն մեզ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաները: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդը նկատել տուաւ, որ սովորաբար արդի աշխարհի պայմաններուն մէջ մենք անհատապէս մեր միտքով, մեր մարդկային փորձառութիւններով կը դիմակալենք կեանքէն եկող դժուարութիւններն ու հարցերը, աւելցնելով, որ այս առիթը մեզի կը յուշէ, թէ զԱստուած ունինք մեր կողքին` իբրեւ առաջնորդ եւ օգնական, որպէսզի երկրաւոր կեանքի հարցերն ու խնդիրները Իրմով լուծենք` իր առաջնորդութեամբ, Իր ցոյց տուած լոյսով, Իր թելադրած ուղիներով, Իր պատգամով եւ Իր ճշմարտութեամբ:
«Այս առիթը մեզի կը յուշէ եւ մեզի կը թելադրէ, որ անհատապէս, ինչպէս նաեւ` իբրեւ ընտանիք եւ հաւաքականութիւն, Աստուծմով եւ աստուածային ճշմարտութիւններով զօրանանք եւ ամրացնենք մեր կեանքը, Աստուծոյ պարգեւած ուժով դիտենք եւ լուծենք այն բոլոր խնդիրները, որոնք առկայ են մեր առօրեայէն ներս, որպէսզի նաեւ Աստուծմով մնանք կանգուն ու յաղթական, որովհետեւ մեր կրօնը խաչէն, մահէն դէպի յարութեան կեանք ուղղուած ուղեւորութիւն մըն է, որուն օրինակը Քրիստոս իր անձին ընդմէջէն տուած է իւրաքանչիւրիս» հաստատեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Ղեւոնդեանք ճշմարիտ քաջ հովիւներ եղան, իրենց վստահուած պարտականութիւնները իրականացուցին Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեամբ, զօրութեամբ եւ լոյսով, աւելցնելով, որ մեր ժողովուրդը պահպանեց լուսաւոր ջահին իր հաւատքը դարերու ընթացքին` իր սուրբերուն նայելով եւ անոնցմէ առաջնորդութիւն քաղելով, իր կեանքը սրբութեամբ վարելով եւ զայն դէպի վերելք ուղղելով, եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին` նայելու մեր անցեալի պատմութեան, դարաւոր փորձութիւններուն եւ փորձառութիւններուն, որոնց մէջէն անցած ու ապրած ենք անցնող ժամանակներուն, եւ այդ բոլորէն մեր գեղեցկագոյն օրինակներն ու դասերը քաղելով` ամրացնենք մեր ինքնութիւնն ու ամրութիւնն եւ այդ ձեւով յարատեւենք` մեր եկեղեցւոյ հաւատքով զօրացած եւ մեր պատմութեամբ նորոգուած:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան եւ կարկանդակի հատում: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց հոգեւորականները իրենց տօնին առիթով` քաջալերելով զիրենք, որ ժողովուրդին կողքին ըլլալու առաքելութիւնը պահեն: Ան դիտել տուաւ, որ Հայ առաքելական եկեղեցին ունի թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական ծառայողներ որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն, եւ գնահատեց այդ միակամ աշխատանքը: