Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 14 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ճիւնիի ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:
Պատարագի ընթացքին կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան Նշան Սվաճեան, Սերժ Մամիկոնեան եւ Յակոբ Սարգիսեան: Ձեռնադրութիւնը կատարեց առաջնորդ սրբազանը:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Զատիկէն ետք երրորդ կիրակին ծանօթ է «Աշխարհամատրան կիրակի» անունով, որ մեր մէջ կը վերակենդանացնէ նախնական եկեղեցւոյ յիշատակը, աւելցնելով, որ Աշխարհամատուռը` իբրեւ շէնք, նոյնինքն այն վերնատունն էր, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ունեցած էր զատկական իր վերջին ընթրիքը եւ իր յարութենէն ետք անոնց մէջ յայտնուած էր ու` Աւետարանը աշխարհին տանելու պատգամը թելադրած անոնց: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ իբրեւ Քրիստոսի հաւատքին շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւն, Աշխարհամատուռը կազմուած էր անոնցմէ, որոնք Քրիստոսի աստուածութիւնը կը խոստովանէին եւ առաքելներուն հետ համախմբուելով` ամէն օր միասնաբար կ՛աղօթէին եւ իրենց եղած պատուէրին համաձայն, հացի բեկումը կը կատարէին ու համայնական իրենց կեանքի ոճին համար ոչ միայն կ՛արժանանային շրջապատի ուշադրութեան ու հիացումին, այլեւ` Աստուծոյ շնորհքով իրենց թիւը օր ըստ օրէ աւելիով կ՛աճէր:
«Աշխարահամատրան կիրակիին առիթով գէթ պէտք է անդրադառնանք, որ քրիստոնեային ցուցաբերած բարոյական ու հոգեւոր կեցուածքը կարեւոր է ոչ միայն անհատին համար, այլեւ` հաւաքականութեան վիճակին համար» հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը աւելցնելով, որ պէտք է յիշենք, թէ Յիսուս աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդկային ընկերութեան մեծ ընտանիքը կազմելով, անոր մէջ պատրաստուի Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ այդ ընտանիքին անդամներն ենք նաեւ մենք:
Շարունակելով իր խօսքը, Սրբազանը թելադրեց ներկաները, որ գէթ բարոյապէս իրար օգնեն, իրար համար աղօթեն, քրիստոնէավայել կեանքով քով քովի համախմբուին եւ բարոյական կեցուածքով զիրար պաշտպանելու ճիգ կատարեն նկատել տալով, որ այդ բոլորին կարիքը աղաղակող իրականութիւն է ամէն տեղ` եկեղեցւոյ մէջ, դպրոցներէն ներս, ակումբներուն մէջ ու մանաւանդ մեր տուներէն ներս, ուր հին օրհնութեան դրոշմը սկսած է չքանալ:
«Աշխարհամատրան Կիրակին կը յիշեցնէ, թէ նախ սրտով ու հաւատքով պէտք է ստեղծենք այն ինչ, որ կեանքով կը փորձենք իրականացնել: Աստուած ամէն մարդու շնորհք մը ու ձիրքեր տուած է, որոնք պէտք է ոչ միայն օգտագործուին, այլ` զարգանան ու աճին նոյնինքն մարդկային մեր կեանքի պայմաններուն մէջ, որոնց վրայ պիտի աւելնայ Աստուածային օրհնութիւնն ու շնորհքը, որ պարգեւն է հաւատքի կեանքին` եզրափակեց Սրբազան Հայրը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: