Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մայիսեան Անկախութեան 106-րդ Տարեդարձին Առիթով. Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Դրօշի Օրհնութիւն

Մայիսեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 26 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս ս. պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք:

Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որ մատուցեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը օրհնեց եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը մեկնաբանեց Հայաստանի օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը:

Իր քարոզին մէջ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան մէջբերում կատարեց Յովհաննէս առաքեալի խօսքերէն եւ բացատրեց, որ առաքեալը կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ` անգամ մը եւս մտածելու, գիտակցելու եւ որդեգրելու այն ճամբան, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է քալէ իր կեանքի ընթացքին: Հայր սուրբը նշեց առաքեալին խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ մեր մեղքերը պէտք է իրարու խոստովանինք` հարց տալով, թէ ներկայ  աշխարհի պայմաններուն մէջ արդեօք մարդ արարածը ժամանակը եւ կարիքը ունի՞ լսելու իր նմանին խոստովանութիւնը, եւ շեշտեց, որ իւրաքանչիւրս` որպէս Քրիստոսի զաւակ, ամբողջական իրաւունքը ունինք Քրիստոսի հետ խօսելու եւ յարաբերելու, որ շատ քաղցր եւ հաճելի զգացում է: Հայր սուրբը հաստատեց, որ Քրիստոս Ի՛նքն է ներողը, քննողը, մաքրողը, բժշկողը եւ մեզ հանգստացնողը, աւելցնելով, որ երբ իրարու կը խոստովանինք, թերեւս կը հանգստանանք եւ կը թեթեւնանք քիչ մը, սակայն մարդ արարածը դժբախտաբար չի կրնար մեզի շնորհել այն հանգստութիւնը, որ կու տայ Քրիստոս: Հայր սուրբը շեշտեց, որ իւրաքանչիւրս իրարու համար պէտք է աղօթենք եւ խնդրենք Քրիստոսէն, որ մեզի շնորհէ առողջ, երջանիկ եւ արեւշատ օրեր:

Հայր սուրբը անդրադառնալով դրօշակի օրհնութեան ու հայրենիքի բարեզարդութեան ու խաղաղութեան համար կատարուած աղօթքին ու մաղթանքին, նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը տառապանքի եւ նեղութեան մէջ է, սակայն Քրիստոսն է, որ մեր հայրենիքը պիտի պաշտպանէ եւ կոչ ուղղեց աղօթելու Քրիստոսի` մեր հայրենիքին համար: