Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանը ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին` հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգային երեսփոխանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, օրուան պատգամախօսը, ինչպէս` նաեւ մայրերն ու մեծ մայրերը:
Ան յայտնեց, որ մանուկներու գեղարուեստական ներկայացումը կը միտի յայտնել երախտագիտութիւն, սէր ու յարգանք` մօր նկատմամբ: Ան հաստատեց մօր անբացատրելի շունչն ու զգացումը, որոնցմով ան կը ջերմացնէ զաւակներուն հոգին ու զանոնք կ՛ուղղէ դէպի դալար ճանապարհ:
Եզրափակելով իր խօսքը` մանկապարտիզպանուհին մաղթեց, որ հայ մայրերու զաւակներուն անմար ճրագը` իբրեւ պարծանք, արեգակի պէս շողայ հայոց երկնակամարին:
Նախակրթարանի Ա.-Դ. կարգերու երգչախումբը բեմ բարձրացաւ ու ներկայացուց «Մայրիկ» եւ «Մամա» երգերը: Այնուհետեւ Է. դասարանի աշակերտ Արինա Աբրահամեանը ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»-ը, որուն յաջորդեց Ե.-Զ. կարգերու «Տօնական» պարը:
Օրուան պատգամը տուաւ Սիլվա Սողոմոնեանը, որ հայ մօր դերը վեր առնելով` յայտնեց, թէ որքա՛ն արժանիքներ խտացուած են «մայր» բառին մէջ, եւ իր նուիրական կեցուածքով ու վարուելակերպով, հոգածութեամբ ու յարգանքով մայրը կը դառնայ օրինակելի տիպար իր զաւակներուն ու շրջապատին համար: Ս. Սողոմոնեան, շեշտելով մօր զանազան պարտականութիւնները` տան մէջ թէ դուրսը, անդրադարձաւ մայր-զաւակ փոխյարաբերութեան եւ անոր ազդեցութիւնն ու դրսեւորումը` իրենց կեանքի ընթացքին: Ան դիտել տուաւ, որ մայրը կը հանդիսանայ խթան ուժը իր ժառանգորդներուն, «որպէսզի շաղախէ իր զաւակները մարդակերտման բարձր արժանիքներով ու հայաշունչ ազգանուէր ոգիով»:
Պատգամախօսը ընդգծեց արդի հայ մօր դերը, իր պատասխանատուութիւնն ու պարտաւորութիւնները, նաեւ` հայապահպանման նախանձախնդրութիւնն ու ազգային աւանդութիւններու փոխանցումը:
Հայ բանաստեղծներէ քաղած ըլլալով մօր նուիրուած քառեակներ` պատգամախօսը խնդրեց ներկաներէն, որպէսզի ընթերցումներ կատարեն. ապա ան եզրափակեց իր խօսքը Համաստեղի «Մայր իմ անուշ» բանաստեղծութեամբ:
Վարժարանին անունով վարիչ-մանկապարտիզպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամախօսին եւ անոր յանձնեց ծաղկեփունջ մը, ինչպէս նաեւ տնօրէնը բեմ հրաւիրուելով` տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ վարժարանին ծնողական խորհուրդի անձնակազմը, իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը` իբրեւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն տարեշրջանի ընթացքին իրենց կատարած անձնուէր աշխատանքին համար:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու յաջորդական ելոյթներով` երգով ու արտասանութեամբ (հայերէն թէ օտար լեզուներով), ապա Յ. Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկաներուն մատուցեցին ներկայացում մը, որ կ՛ամփոփէ գիրքին անհրաժեշտ դերը մարդու մտային զարգացման մէջ, ինչպէս նաեւ` ժառանգորդը մնալու մայրենի լեզուին: