Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

«ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ»-Ը ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

– Ես ուրկէ՞ եկած եմ:
– Ինչպէ՞ս աշխարհը ստեղծուեցաւ:
– Ինչո՞ւ մարդիկ կը մկրտուին:
– Ինչո՞ւ պատերազմ կայ:
– Մահը վերջաւորութի՞ւնն է:
– Ինչո՞ւ Աստուած արտօնեց բնական աղէտները:
– Արդեօք աշխարհին վե՞րջն է…
Հարցումներ, որոնց պատասխանները երեխաները միշտ կը փնտռեն, եւ ծնողներն ալ միշտ չեն կրնար ճիշդ պատասխանը եւ մեկնաբանութիւնը տալ: Հարցումներ, որոնց պատասխանները անպայման պէտք է ներկայացուին, որպէսզի երեխաներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան մէջ շեղումներ չարձանագրուին, եւ անոնք ստանան ճշգրիտ տեղեկութիւններ:
«Կեանքի մեծ հարցումներու» պատասխաններուն աստուածաշնչային մեկնութիւններ տալու նպատակով Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը հրատարակած է Գերմանական աստուածաշնչային ընկերութեան «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը, որուն հեղինակներն են Սուզըն Ճաշ եւ Քրիսթինա Շնըրլ, որոնք Շթութկարթի մէջ մանուկներու հետ ուղղակի կապի ճամբով հաւաքագրած են հարցադրումները, կարիքները եւ հոգեբանական վիճակները, մտիկ ըրած են մանուկներուն մտահոգութիւնները եւ իրենց փորձառութիւններուն ընդմէջէն հաւաքագրած եւ ամբողջացուցած են աշխատութիւնը:
6-12 տարեկան մանուկներու համար գիրքը 120 էջերու մէջ երեք մասերու` «Դուն», «Դուն եւ ուրիշները», եւ «Դուն եւ աշխարհը» վերնագիրներու տակ կը ներկայացնէ Աստուածաշունչէն հատուածներ եւ հարցումներուն պատասխանները: Թեմաներու բաժանումը կը միտի անհատը, շրջապատը եւ երկրագունդը ներկայացնել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` արժեւորելով մանուկին դերը ընկերութեան մէջ: Գիրքին պատկերազարդումը կատարած է Մաթիաս Ուէպըրին, որ գունաւոր եւ հասկնալի ոճով առաւել եւս հարստացուած է գործը եւ` նպաստած, որ երեխաները առաւել եւս դիւրութեամբ հետեւին բովանդակութեան:
Սէր, հիւանդութիւն, ընտանիք, ընկերութիւն, հաշտութիւն, տխրութիւն, վախ, պատերազմ, բռնութիւն, արդարութիւն… թեմաներ, որոնց հետ իրենց չափին ու պայմաններուն մէջ հաղորդակից են մանուկները, եւ որոնց մասին կ՛անդրադառնայ գիրքը: «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը կը պաշտպանէ մանուկներու իրաւունքները եւ կը շեշտէ փոքրիկներուն դերն ու կարեւորութիւնը ընկերութեան մէջ: Աստուածաշունչէն ընտրուած հատուածները բոլորն ալ առնչուած են մանուկներուն հետ եւ կը նպաստեն մանուկներու հոգեմտաւոր զարգացման` ներկայացնելով բարոյախօսական պատգամներ:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ լոյս տեսած գիրքի արեւմտահայերէն թարգմանութեան լեզուն պարզ է եւ ընթեռնլի մանուկներուն համար:
Թարգմանութիւնը կատարած է Արտա Ճէպէճեան, իսկ սրբագրութիւնը` Նորա Բարսեղեան: Հայերէնով Աստուածաշունչը բացատրելը հոգեւոր հասկացողութենէն անդին` կը միտի մայրենին պահել եւ մայրենիով հաղորդակից դառնալ շրջապատին հետ:
Յայտնենք, որ Գերմանիոյ նահանգներու բողոքական եկեղեցիներու Աստուածաշունչի ընկերութիւններու միաւորումով 1981-ին հիմնուած է Գերմանական Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, որ հրատարակած է աւելի քան 700 գիրքեր, որոնցմէ 300-ը Աստուածաշունչի հրատարակութիւններ են: Կազմակերպութիւնը տարեկան կը բաժնէ աւելի քան 400.000 Աստուածաշունչ: Աշխարհի 145 այլ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու հետ մէկտեղ Գերմանական աստուածաշնչային ընկերութիւնը կը նպատակադրէ իրականցնել սուրբ գրութիւններու թարգմանութեան, հրատարակման եւ տարածման աշխատանքները: Այս ընկերութիւնները կը ձգտին Աստուածաշունչը հասանելի դարձնել բոլոր մարդոց` իրենց մայրենիով:
Իսկ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը, միջեկեղեցական, ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ անդամ է Համաշխարհային միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութիւններուն: Միութեան առաքելութիւնն է Աստուածաշունչը թարգմանել եւ բաժնել, որպէսզի աշխարհի բոլոր ժողովուրդները Աստուածաշունչը կարդան իրենց մայրենի լեզուներով:
Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարն է դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ ծնած է Պէյրութ: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: 1981-ին աւարտած է Հայկազեան համալսարանը` ստանալով առեւտրական գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականը: 1984-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է մագիստրոս գիտութեան վկայականը` երկրագործական տնտեսագիտութեան մէջ: 14 մայիս 2014-ին Նիւ Եորքի Աստուածաբանական ճեմարանէն Աստուածաշունչի յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ ստացած է դոկտորական վկայականը:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան մաս կը կազմէ միջազգային քրիստոնէական միջեկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութեան` Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութեան, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ: Դոկտ. Ճէպէճեան ընդհանուր քարտուղարն է միջազգային քրիստոնէական միջեկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութեան` Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութեան` Արաբական ծոցի տարածաշրջանին: Ան կը գործէ այս կազմակերպութեան հետ աւելի քան 36 տարիներէ ի վեր: 1991-1996 տարիներուն դոկտ. Ճէպէճեան եղած է նաեւ հիմնադիր եւ խորհրդատու կազմակերպող Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան: 2006-2014 եղած է ատենապետը Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի ընկերութեան խորհուրդին: Պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով:
«Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ի գիրքի հրատարակութեան առիթով, ուրբաթ, 12 նոյեմբեր 2021-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը` նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին եւ ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որ նշեց, թէ գիրքի շնորհահանդէսները լաւագոյն առիթներն են մօտէն ծանօթանալու պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ` արժեւորելու գիրքին կարեւորութիւնն ու դերը: Ապա վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Աստուածաշունչէն հատուածներ եւ աղօթքներ:
Այս առիթով խօսք առաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ նշեց, թէ հակառակ Լիբանանի դժուարին օրերուն` հայկական վարժարաններու աշխուժութիւնն ու աշակերտներու արթնութիւնը ոգեւորիչ մթնոլորտ կը ստեղծէ: Ան ըսաւ, որ Աստուածաշունչը մեր հաւաքական կեանքին մաս կը կազմէ եւ մեր իւրաքանչիւր անցուդարձի պատասխան կու տայ, որ` կը զօրացնէ մեր ինքնութիւնը եւ հաւատքը, որ կը զարգացնէ մեր քննական մտածողութիւնը եւ առարկայական տեսադաշտը, եւ որ` կ՛օգնէ, որ ուրիշը տեսնենք` առանց մոռնալու մեր ով ըլլալը եւ պատկանելիութիւնը:
Դոկտ. Ճէպէճեան յոյս յայտնեց, որ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը Աստուծոյ խօսքի տարածման առաւել եւս նպաստէ, եւ որուն ճամբով մեր փոքրիկները յաւելեալ չափով կը հաղորդակցին հոգեւոր արժէքներուն հետ: Ան աւելցուց, որ Ցեղասպանութեան օրերուն մեր մեծ հայրերը իրենց ազգային եւ քրիստոնէական հաւատքը սակարկութեան առարկայ չդրին, եւ մենք այսօր կանք, որովհետեւ անոնք բարձր պահեցին մեր ազգային-քրիստոնէական համապարփակ մշակոյթը, զորս պահպանելու եւ տարածելու պարտականութիւնը ունի նորահաս սերունդը: Ապա Ճէպէճեան ներկայացուց գիրքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ` շեշտելով, որ գիրքին մէջ ընտրուած են Աստուածաշունչի այն հատուածները, որոնք մանուկներու մտահոգութիւններու, հոգերու, առօրեային եւ հարցադրումներուն կապուած են:
Աւարտին խօսք առաւ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, որ նշեց, թէ այս աշխատանքը կատարուած է անցնող տարուան ընթացքին, երբ մենք Լիբանանին մէջ կ’ապրէինք դժբախտութեանց բոլոր տեսակները, եւ համաճարակի պատճառով ալ ամբողջ աշխարհը մեկուսացած էր ու ամէն տեղ ստեղծագործ աշխատանքը` կանգ առած: Մեկուսացումի այդ պայմաններուն մէջ, դոկտ. Հրայրը, պայքար մղողի եռանդով, կը ձեռնարկէր նոր աշխատանքի մը, որպէսզի մեր զաւակներու ձեռքերուն մէջ զետեղէ հիացումի արժանի նոր հրատարակութիւն մը:
Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր խնդիրներուն ու հարցերուն պատճառով պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր զաւակները հասակ առնեն առանց հոգեւոր արժէքներու, ընդհակառակը, պէտք է տքնինք, որպէսզի անոնք ուղղուին դէպի Աստուած` ճշմարիտը, բարին ու գերագոյնը: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան աւելցուց. «Մանուկներու եւ պատանիներու համար կատարուած Աստուածաշունչի այս գեղազարդ հրատարակութիւնը վայելուչ եւ հոգիով կատարուած թարգմանական գործ մըն է, որուն համար վարձքդ կատար կ՛ըսենք Հրայրին: Գիտենք, որ այս աշխատանքին մղիչ ուժը հայութեան ու մասնաւորաբար լիբանանահայութեան հանդէպ իր ունեցած անսահման հաւատքը, սէրն ու նուիրումը եղան»: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ այս Աստուածաշունչը մեր մանուկներուն ու պատանիներուն հոգիներուն մէջ հաւատք արթնցնելու ու աստուածային շնորհքներ հաստատելու նպատակին ծառայելով` երկար գնահատուի բոլորին կողմէ: Աւարտին, աշակերտները ստացան գիրքին իրենց օրինակները:
Աւելցնենք, որ նոյն օրը, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելեց Ազգային Միացեալ վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, որմէ ետք դասարանները այցելելով` աշակերտներուն բաժնեց «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը` աշակերտներուն նաեւ տալով գիրքին մասին տեղեկութիւններ:
Նշենք, որ հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 2021-ին Հրայր Ճէպէճեան այցելեց նաեւ Այնճար` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան, ուր աշակերտներուն ներկայացուց նոր հրատարակութիւնը եւ բաժնեց օրինակներ:
«Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»-ը ամէնէն առաջ մանուկին անհատականութիւնը արժեւորող գործ մըն է, Աստուածաշունչ-մանուկ կապերու հաստատման մէջ մանկավարժական-մեթոտաբանական բարձրորակ ոճով աշխատութիւն մըն է, Աստուծոյ շունչն ու ոգին մարմնաւորող հաճելի եւ միեւնոյն ատեն օգտակար ու ըմբռնելի գիրք մըն է, որուն ներկայութիւնը իւրաքանչիւր հայ մանուկի գրադարանին մէջ անհրաժեշտութիւն է, եւ որ անպայմանօրէն արժանի է համապատասխան գնահատանքի: