Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն. «Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքները Եւ Արդի Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Շահեկան Սեմինար

Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար, որուն նիւթն էր «Հոգեւոր ու ազգային արժէքները եւ արդի արհեստագիտութիւնը»: Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եղիշէ Մանուկեան, Միացեալ եւ «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարաններէն աշակերտներ:

Սեմինարը սկսաւ ժամերգութիւն-աղօթքով, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ սեմինարին բացումը կատարեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ այսպիսի հաւաքներ առիթներ են մտերմութեամբ քննելու աշակերտութիւնն ու եկեղեցին յուզող շարք մը խնդիրներ` առանց սահմանափակումներու եւ արգելքներու:

Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ներկայացուց  «Ազգային ու հոգեւոր արժէքները եւ հայ ուսանողը նիւթը», իսկ երկրորդ զեկուցաբերը` Սարհատ Արիստակէսեան, խօսեցաւ «Արդի արհեստագիտութիւնը եւ հայ ուսանողը» նիւթին շուրջ: Զոյգ զեկուցումներէն ետք, սեմինարին մասնակիցները հարցումներով եւ տեսակէտներով բերին իրենց շահեկան մասնակցութիւնը: Ապա աշակերտները փոքր խումբերով կատարեցին աշխատանքներ եւ համապատասխան ներկայացումներ:

 

Միօրեայ սեմինարի աւարտին խօսք առաւ թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտները հայ ժողովուրդի ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն պահապաններն են, որոնք պէտք է զինուին համապատասխան գիտելիքներով, շունչով եւ ոգիով:

Աւարտին, իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ նշեց, թէ հայ դպրոցը, հայ ընտանիքը, հայ եկեղեցին եւ հայկական միութիւնները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, եւ հայ ուսանողութեան պարտականութիւնն է գիտակից ըլլալ իր ժամանակը այնպէս դասաւորելու, որ ամէն տեղ ներկայութիւն ըլլայ` մասնակից դառնալով ինքնութեան պահպանման նպաստող հաւաքական կեանքին:

Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ արդի արհեստագիտութիւնը պէտք է կամրջել մեր հոգեւոր-ազգային արժէքներուն, որովհետեւ հաւաքականութիւններ արժէքներով կը գոյատեւեն: Նարեկ Արքեպիսկոպոս մեծապէս գնահատեց մասնակից աշակերտներուն օգտաշատ մասնակցութիւնը: