Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններուն «Վարդանանց Ճակատամարտը Պայքարն Էր Ազգային Արժանապատուութեան Եւ Խիղճի Ազատութեան» Հաստատեց Վիգէն Աւագեան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան,  չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2019-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտ Քրիստ Դարբինեան: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր տօնն է հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային փրկութեան, յաղթութեան, մեր ազգին մեծագոյն հերոսներուն` Վարդանանց հերոսներուն, նաեւ տօնն է` հպարտութեան, քաջալերանքի եւ յարատեւումի:

Այնուհետեւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «21-րդ դարու քաջ Վարդանը մեզի կ՛այցելէ» խորագիրը կրող կենդանի պատկեր մը, որուն ընդմէջէն մեկնաբանեցին «Գողթնի քնարք» եւ «Մենք քաջ Վարդանի զաւակներն ենք» երգերը:

Օրուան պատգամը յղեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ սովորութիւն է Վարդանանցին խօսիլ Վարդան Մամիկոնեանի եւ գործակից նախարարներուն մասին, ներկայացնել պատմական դէպքը եւ անոր նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ աւելցնելով, որ այսօր, սակայն, դերերը պիտի շրջուին, եւ Վարդանն է, որ պիտի խօսի մեզի եւ ըսէ, թէ Աւարայրէն 1569 տարի ետք ի՞նչ կը սպասէ ան մեզմէ:

«Վարդան մեզի պիտի յիշեցնէր, որ ինք եւ մնացեալ նախարարները հայութեան թշնամիին դէմ դրին, որպէսզի հայ մարդը օտարի լուծի տակ չապրի, Լուսաւորիչի հաւատքէն եւ Սահակ-Մեսրոպի մշակոյթէն չհրաժարի: Անոնք դէմ դրին խաչով ու սուրով` հաւատքով ու կռիւով: Վարդանը հարց պիտի տար մեզի, թէ դարեր ետք, այսօր ինչպէ՞ս դէմ կը դնենք մեր թշնամիներուն, ո՞ւր են մեր զէնքերը: Ինչո՞ւ շատեր կը հրաժարին դէմ դնելու գաղափարէն, ինչո՞ւ կը նահանջեն, ինչո՞ւ տեղի կու տան եւ կը հեռանան իրենց ազգային ինքնութենէն եւ արմատներէն», ըսաւ Աւագեան` նշելով, որ Վարդան Մամիկոնեան եւ զինակիցները ո՛չ թշնամիին սուրէն  վախցան, ո՛չ ալ հուրէն, որովհետեւ անոնք համոզուած էին, որ արդար էր իրենց պայքարը, քանի որ կը մղուէր ազգային արժանապատուութեան եւ խղճի ազատութեան համար: Վարդանանք կամք ունէին ո՛չ ըսելու թշնամիին, որովհետեւ գիտէին, որ «այո՛»-ն մահ է, իսկ «ո՛չ»-ը` անմահութիւն:

«Վարդանանք յաղթեցին, որովհետեւ թշնամին չկարողացաւ Հայաստանը ջնջել աշխարհի երեսէն: Չյաջողեցաւ հայութիւնը ձուլել եւ կրօնափոխ դարձնել: Վարդանանք յաղթեցին իրենց ժամանակին, իսկ ո՞ւր են մեր ժամանակներու յաղթանակները` Արցախէն Հայաստան, բռնագրաւեալ հողեր եւ սփիւռք: Յաղթանակները կրնան զինուորական ըլլալ, բայց միայն զինուորական չեն ըլլար. պատերազմը կ՛ենթադրէ ամէն ճակատի վրայ պատրաստութիւն ու կռիւ` քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, մշակութային, քարոզչական, պահանջատիրական թէ այլ», հաստատեց օրուան պատգամաբերը եւ եզրափակելով իր խօսքը` նկատել տուաւ, որ Վարդանանք մեր դիմաց փակեցին պարտուողականութեան, անտարբերութեան եւ տկարութեան ամէն ուղի եւ մեր դիմաց բացին զոհաբերութեան, խիզախութեան եւ յարատեւ պայքարի ուղին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ համահայկական մեր նպատակներու իրականացման եւ ազգային տեսլականներու կենսագործման:

Ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի երգչախումբը մեկնաբանեց «Իմ հայրենեաց հոգի,  Վարդան», «Աւարայրի դաշտ» եւ «Հիմի էլ լռենք» երգերը:

Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ, որ Վարդանանցի խորհուրդի պատգամը աշակերտները իրենց ճամբով, կենդանի պատկերով եւ երգերով նկարագրեցին,  աւելցնելով, որ սոյն խորհուրդին պատգամը գիտնալով հաւաքուած են  ոգեկոչելու, յիշատակելու եւ կրկին անգամ ըսելու, որ իրենք քաջ Վարդանի ժառանգորդներն են: Ան գնահատական խօսք ուղղեց ազգային վարժարաններու տնօրէններուն, որոնք Վարդանանց հոգին վառ կը պահեն վարժարաններէն ներս: Հայր սուրբը բացատրեց, որ Վարդան Մամիկոնեան մարմնապէս մահացաւ, որպէսզի այսօր մենք իր գործը շարունակենք եւ իւրաքանչիւրս մէկական Վարդաններ ըլլանք եւ խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ, որ իրենք արդէն կը կատարեն այդ գործը ազգային վարժարան յաճախելով: «Մեզի համար ամէն օր Վարդանանց է, որովհետեւ երբ մենք հայերէն խօսինք, հայօրէն մտածենք, հայ մեծնանք, կը նշանակէ, որ Վարդանի գործը եւ իր ու իր ընկերներուն նահատակութիւնը կ՛արժեւորենք մեր կեանքին մէջ», եզրափակեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: