Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին` մասնակցութեամբ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի:

Համերգը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով: Այնուհետեւ «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը մեկնաբանեցին Եկմալեան պատարագը, որ խմբավար Զաքար Քէշիշեան վերամշակած է մանկական եւ իգական կազմով երգչախումբի համար: Այնուհետեւ «Այգ» երգչախումբի աղջիկներու կազմը մեկնաբանեց Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան ութ շարականները` Գէորգ Արմէնեանի մշակումով, որմէ ետք անգլերէնով երեք «սբիրիչուըլ»-ներ` «Սամթայմզ այ ֆիլ լայք ը մատըրլես չայլտ», «Ըմէյզինկ կրէյս», «Քումպայա»: Յայտագիրի վերջին բաժինով «Այգ» եւ «Կարկաչ» երգչախումբերը երգեցին «Աւէ Մարիա», «Փուր թուա Արմենի» եւ «Երեւան – Էրեբունի» երգերը:

Համերգի աւարտին իր պատգամը ուղղեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն համերգը յիշատակելի երեկոյի մը վերածած բոլոր անձերուն: «Կը հաւատամ, որ մեր յաջողութեան կախարդական բանալին մեր մասնակցութիւնն է, որուն արդիւնքն է այս հոգեւոր համերգը: Երգչախումբը` իր ժամանակով, շնորհներով եւ իր ձայնով մասնակցեցաւ, խմբավարը` իր մասնագիտութեամբ, դաշնակահարը` իր արուեստով, բարերարը` իր հովանաւորութեամբ, եւ մենք բոլորս` մեր ներկայութեամբ», ըսաւ Սրբազան Հայրը` հաստատելով, որ այսպէս եղած է մեր կեանքը եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Համազգայինը զանազան համերգներ տուած է եւ կը շարունակէ տալ, սակայն տարբեր նշանակութիւն ունի, երբ Ազգային առաջնորդարանը կու գայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ըսելու, թէ ինք պարզ գրասենեակ մը չէ, այլ` մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ իր տիրութիւնը եւ ծառայութիւնը ընող առաքելութիւն է ինք, եւ ասոր ամէնէն պերճախօս արձագանգը լսեցինք, ապրեցանք եւ մեզի հետ պիտի տանինք այս եկեղեցիէն:

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուած համերգը մասնաւորեց քանի մը իմաստներով. ա) Համերգի օրը նախախնամական է, որովհետեւ նոյն օրը աւարտեցաւ Մեծ պահքը մեր եկեղեցիներուն մէջ, եւ մենք զայն աւարտեցինք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ հայրապետի ապաշխարութեան շարականներով, բ) Կիրակի պիտի տօնենք ծաղկազարդը, որուն նախատօնակը եղաւ երգչախումբը, որ պատարագի շարականներով մեզ պատրաստեց այդ մթնոլորտին, գ) «Քումպայա» երգը զինք յիշեցուց Ափրիկէն, ուր միջեկեղեցական համագումարի մը առիթով երբ ներկայ գտնուած է առաջին անգամ, հոն լսած է զայն, որ կը կապուի մեր ապրիլեան պահանջատիրութեան, երբ կը պատրաստուինք մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակով օծուն ապրիլ 24-ը միասնաբար նշելու, որովհետեւ «Քումպայա» երգը Ափրիկէի ժողովուրդին ազատագրութեան երգն է, եւ այս երգով Ափրիկէի ժողովուրդը իր արդարութիւնը գտաւ եւ իր իրաւունքներուն տիրացաւ: Ակնարկելով «Փուր թուա Արմենի» երգին` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը առանց Հայաստանի չեն կրնար իմաստ ունենալ մեր կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ մենք հաւաքաբար ըսինք, որ բոլորս Հայաստանին ենք եւ Հայաստանը բոլորիս է: «Համերգը այս պատգամը կ՛ուղղէ մեզի, եւ ես վստահ եմ, որ մենք այս թրթռացումներով պիտի բաժնուինք այս եկեղեցիէն եւ պիտի շարունակենք մեր հայ քրիստոնեայի հաւաքական երթը», հաստատեց Սրբազան Հայրը:

Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց ներկայութիւնը Եփրեմ արք. Թապաքեանի, որ կանուխ ժամերուն հասած էր Լոս Անճելըսէն եւ ընդառաջելով իր հրաւէրին ներկայ գտնուած էր այս հոգեւոր համերգին: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ ինք փափաքած է, որ Եփրեմ արք. Թապաքեան ներկայ գտնուի սոյն համերգին, որովհետեւ ան երկար տարիներու վաստակ ունի մեր «Շարակնոց»-ի գրաբարէն աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ` աւելցնելով, որ այդ «Շարակնոց»-ը 3-4 անգամ վերահրատարակուած է եւ Հայաստանի մէջ` եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին փնտռուած հատոր մըն է: «Այդ «Շարակնոց»-ին հաւատարմութեամբ երգչախումբը արձագանգեց եւ այդ արձագանգին մէջ ես կ՛ուզեմ նաեւ, որ դուք լսէք մեր ժողովուրդի երախտագիտութիւնը ձեր կատարած եզակի աշխատանքին համար», ըսաւ Սրբազանը` խօսքը ուղղելով Եփրեմ արք. Թապաքեանի եւ եզրափակելով իր  խօսքը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սոյն համերգը իրականութիւն դարձուցին եւ յորդորեց ներկաները շարունակելու մեր յաղթական երթը դէպի հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան: