Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 7-9 Դեկտեմբերին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը:
Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ։
Ազգային Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին տեղի կ՛ունենայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու ներկայացումը եւ քննարկումը: Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ազգային պահանջատիրութեան, Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան առնչուած շարք մը հարցեր։ Ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն։
Լիբանանէն Ժողովին կը մասնակցին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ Շահէ Արք. Փանոսեան եւ 15 պատգամաւորներ: