Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մանկապատանեկան «Նարեկացի» Երգչախումբը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 19 յունիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հայոց առաջին եկեղեցւոյ` Ս. Էջմիածին մայր տաճարին, որուն տօնը կը զուգադիպէր 19 յունիսին: Ան պատմական ակնարկ մը կատարեց, թէ ինչպէ՛ս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք նախաձեռնեց Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ կառուցման: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ եկեղեցին միայն տարեցներու յատուկ վայր չէր, այլ` փոքրիկներուն եւս: Ան յայտնեց, որ կանուխ տարիքին կը կնքենք մեր զաւակները, որովհետեւ գերագոյն պարգեւը, զոր կու տանք անոնց մեր ունեցած քրիստոնէութիւնն է` աւելցնելով, որ բաւարար չէ սակայն միայն քրիստոնեայ անունը կրել, այլ մկրտուելէն ետք հարկ է ընտանեօք եկեղեցի ներկայանալ: «Ընտանիքը առաջին դպրոցն է եւ առաջին եկեղեցին է», հաստատեց Խորէն քհնյ. Մելքոնեան, որ` անդրադառնալով «Նարեկացի» երգչախումբին, բացատրեց, որ անիկա սովորական երգչախումբ մը չէ, այլ կազմուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին փափաքով եւ տնօրինումով 21 հոկտեմբեր 2018-ին եւ կը գործէ մասնագիտական վարչութեամբ:

Երգչախումբը կը բաղկանայ 8-15 տարեկան մանուկներէ եւ պատանիներէ, որոնք շաբաթական դրութեամբ իրենց փորձերը կը կատարեն կաթողիկոսարանին մէջ: Քահանայ հայրը յայտնեց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի երգչախումբին եւ անոր կատարած բոլոր աշխատանքներուն, նաեւ կը քաջալերէ բոլոր ծնողները, որ իրենց զաւակները մաս կազմեն «Նարեկացի» երգչախումբին, որպէսզի երգչախումբի ճամբով անոնք նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստանան:

Եզրափակելով իր խօսքը` քահանայ հայրը ըսաւ, որ կաթողիկոսարանի դռները լայն բացուած են ընդունելու ձեր զաւակները, որ մաս կազմեն «Նարեկացի» երգչախումբին: