25 սեպտեմբեր 2017-ը լիբանանահայ գաղութի նոր իրագործումներուն մէջ իւրայատուկ եւ անկիւնադարձային թուական մըն է, որովհետեւ արդիական եւ գեղեցիկ վարժարան մը ունենալու երազը վերջապէս դարձած է իրականութիւն, երբ մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ հնչեց Ազգային միացեալ վարժարանի անդրանիկ զանգը: Յոյս եւ լոյս ներշնչող այս կառոյցը ո՛չ միայն Ազգային առաջնորդարանին, այլ նաեւ գաղութին համար էական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ համահայկական եւ հանրակրթական առումով կ՛ամրապնդէ գաղութին կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը:
Արդարեւ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն աշակերտները խուռներամ իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար ուղղուած էին Ազգային միացեալ վարժարան, ուր բակին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ: Վերջապէս պիտի հնչէր դպրոցի առաջին զանգը` աւետելու 2017-2018 տարեշրջանի վերամուտը:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ, կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:
Առաջնորդ սրբազան հօր Տէրունական աղօթքին յաջորդեց հաւաքական խոստովանանք, որմէ ետք բոլոր աշակերտները ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշներու կողքին առաջին անգամ ըլլալով ծածանեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի դրօշը, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հնչեց վարժարանի քայլերգը` կատարողութեամբ Վիգէն Տիշչէքէնեանի: Քայլերգի հեղինակներն են` Վիգէն Աւագեան եւ Յակոբ Հաւաթեան, երաժշտութեան յօրինում` Վահրամ Էմմիեան, գործիքաւորում` Սեդօ Պաղտասարեան:
Այնուհետեւ հնչեց առաջին զանգը, որուն զուգահեռ Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտներ Դրօ Միրզայեան եւ Արազ Էլէյճեան մեկնաբանեցին համապատասխան մտորումներ` բարձրօրէն գնահատելով հայ դպրոցին դերը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Գէորգ Եագուպեան: Ան հաստատեց, որ քաջագործութիւն մըն է 21-րդ դարուն սփիւռքի մէջ կրթօճախի մը հիմնումը մեծ զոհողութիւններու գնով, կրթական յեղաշրջում գործելու մեծ հաւատարմութեամբ` աւելցնելով, որ հայ ազգը միշտ շինած է, եւ կառուցումի ոգին միշտ իր էութեան ու արեան մէջ եղած է բարձր: Եագուպեան շեշտեց, որ եթէ հայ դպրոցը այլոց համար գիտութիւն ու կրթութիւն է, հայ աշակերտութեան համար հայեցի դաստիարակութիւն, հայրենիքի հզօրանք, լինելութեան գրգիռ եւ գոյութեան փաստ է:
«Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ազգային Աքսոր Գասարճեան, Ազգային Ռուբինեան, Ազգային Աբգարեան, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանները կը միանան, ազգայիններ քով-քովի կու գան, միասին կը մեծնան, կ՛ամբողջանան, կ՛ողջագուրուին: Ազգային միացեալ վարժարա՞ն, թէ՞ ազատ ու միացեալ փոքրիկ Հայաստան», եզրափակեց Գէորգ Եագուպեան: Այնուհետեւ միաւորուող վեց վարժարաններէն մէկական ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց հետ բերած էին հայկական արժէք մը, վերանորոգեցին իրենց ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայոց լեզուին, մշակոյթին, հաւատքին եւ դատին:
«Երբ կան կամքն ու վճռակամութիւնը, եւ անոնց կողքին է նաեւ անշահախնդիր գործը, հաւատացէ՛ք, որ կը յաղթէ լաւն ու բարին, կը յաղթէ ազգօգուտ ծրագիրը: Ահաւասիկ երազը դարձած է իրականութիւն: Հաւաքուած ենք միասնաբար վայելելու հպարտալից այս պահը, զոր կարելի է նկատել անզուգական երեւոյթ վերջին յիսուն եւ աւելի տարիներու լիբանանահայ իրականութեան մէջ: Դպրոցաշինարարական այս հսկայական ծրագիրը իբրեւ նախաձեռնութիւն եւ տարողութեան չափ երեւոյթ է նաեւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին, եւ հայաշխարհը ամբողջ այսօր կու գայ հարստանալու նոր կրթական կառոյցով մը», իր խօսքին սկիզբը հաստատեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան, աշխուժութեան եւ ապագայատեսիլ սլացքի հարազատ փաստն ու վկայութիւնն է այս իրագործումը` աւելցնելով, որ այս հսկայածաւալ աշխատանքը կը պարտին լիբանանահայութեան անկոտրում կամքին, վճռակամութեան ու դրսեւորած բարձր գիտակցութեան:
Հաւաթեան շեշտեց, որ այս կառոյցը մեր հաւաքական կեանքին մէջ ապրող ու ճառագայթող ներկայութեան վերածելու համար բոլորս ունինք մեր պարտաւորութեան ու պատասխանատուութեան բաժինը: Ան յայտնեց, որ դպրոցական ծրագիրէն անդին այս համալիրին գործադաշտը եւ տեսադաշտը շատ աւելի ընդգրկուն են: Անիկա կոչուած է հիմնական դերակատար դառնալու կեդրոնական այս գաղութի մարդուժի մատակարարման եւ անոր առաքելութեան յաւելեալ ճառագայթումին: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` Հաւաթեան ըսաւ, որ դպրոցը կարիքը ունի իրենց անմիջական հոգածութեան ու գուրգուրանքին, եւ իրենց համագործակցութիւնը հիմնական երաշխիքն է կառոյցի յաջողութեան ու նոր նուաճումներու ձեռքբերման:
«Հնչեց առաջին զանգը եւ մեզ դրաւ յաւելեալ պատասխանատուութեան դիմաց: Կը վստահեցնենք բոլորիդ, որ գործը տակաւին նոր սկսած է, եւ վստահաբար բոլորիս ակնկալիքներն ու սպասելիքները մեծ են: Միշտ հաշուետու մօտեցումով ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ պիտի շարունակուի երթը, որովհետեւ հայ դպրոցը այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի ունի յաւելեալ պարտաւորութիւններ նորահաս սերունդներու առողջ նկարագիրով ու հայեցի պայծառ դիմագիծով կազմաւորման գործին մէջ», շեշտեց Յակոբ Հաւաթեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց միաւորուող Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն, հոգաբարձութեանց, խնամակալութեանց եւ բոլոր պատասխանատուներուն, որոնց կատարած գործին ու առաքելութեան շարունակականութեան ամուր երաշխիքն է այսօրուան այս արդիական կառոյցը, ուր հայ աշակերտը պիտի վայելէ արդի աշխարհի արհեստագիտութեան բոլոր բարիքները եւ միաժամանակ ստանայ բարձրորակ ուսում եւ ազգային պայծառ դաստիարակութիւն:
Այնուհետեւ Յակոբ Հաւաթեան բեմ հրաւիրելով ներկայացուց վարժարանի բաժանմունքներու եւ դասանիւթերու պատասխանատուները:
Բացման հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: «Այսօր նոր ազգային դպրոց բանալու դերակատարութեամբ կը ներկայանանք մեր ժողովուրդին` քաջ գիտնալով, որ այս ուսումնարանին արդիւնքը պիտի չմնայ միայն այստեղ` Լիբանանի մէջ, այլ տարածուելով պիտի հասնի նաեւ հայկական շունչին ու բոյրին կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէնուրեք», ըսաւ սրբազան հայրը` հաստատելով, որ հակառակ մեր կեանքը խճողող տեսակաւոր հարցերուն ու դժուարութիւններուն, տակաւին լիբանանահայութիւնը ունի դպրոց շինելու եռանդ, հայ դպրոցով իր կեանքը նորոգելու կամք ու հայ արժէքներու զօրութեամբ նաեւ յարատեւելու ուժականութիւն:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցեցինք, որպէսզի նախ պատիւ ընծայենք հայ վարժարանին, որ դժուարին պայմաններու մէջէն իր ճամբան կտրելով, անօրինակ տոկունութեամբ յաջողեցաւ կենդանի պահել հայ կրթութեան սրբազան ժառանգը` աւելցնելով, որ լիբանանահայ կեանքի այս փուլին անհրաժեշտ է նորոգել ու արդիականացնել հայ դպրոցի միջավայրն ու հեղինակութիւնը, որպէսզի իր գործունէութեամբ հայ դպրոցն ալ վերանորոգէ հայեցի դաստիարակութեան սրբազան աւանդը:
«Ներկայ փուլին այլեւս պէտք է դադրին մեր ընկերութեան մէջ ստեղծուած անտեղի աղմուկն ու ժխորը: Ազգային Միացեալ վարժարանը արդէն իսկ բացած է իր դռները, հետեւաբար այս իրողութիւնը այլեւս բոլորիս կը թելադրէ ըլլալ շրջահայեաց ու հայ դպրոցին մաշումը սրբագրելու ցանկութեամբ ըմբռնել տեղի ունեցած աննախադէպ ու խիզախ այս իրագործումը, որպէսզի նաեւ բաց ճակատով կարենանք դիտել այստեղ սկիզբ առնող կրթական այս նոր եռանդը, որ մեր բոլորանուէր գործակցութեամբ մեզ պէտք է տանի դէպի նոր վերելք: Ոչ ոք իրաւունք ունի խափանելու հայ դպրոցին ճամբան: Հետեւաբար, դադրեցնենք անիմաստ աղմուկը եւ սկսինք խօսիլ հայ դպրոցին վերապահուած անփոխարինելի դերակատարութեան մասին, քաջալերենք մեր զաւակներուն յառաջդիմութիւնն ու յաջողութիւնները եւ մեր ժողովուրդի ապագային հանդէպ վստահութեան հոգի տարածենք մեր կեանքին մէջ: Նոր դպրոցով նորոգուելու կամք ունենանք եւ նորոգուելու ցանկութիւնն ալ համատարած շարժումի վերածենք, որպէսզի դէպի օտարացում գացող մեր զաւակները մեր շուրջ հաւաքելով` կարենանք տէրը դառնալ վաղուան մեր կեանքին» եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Այնուհետեւ լիբանանահայ երգիչներ Հրաչ Կայծակեան եւ Վիգէն Տիշչէքէնեան` երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի, ժողովրդային-ազգային երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: