Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, երեքշաբթի, 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ բացատրեց, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը ունի երկու երես. մին` եկեղեցական, իսկ միւսը` ժողովրդային, երկուքը իրարմով նուիրականացած` դարերու աւանդութեամբ եւ աղօթասացութեամբ:
Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ այդ ժամանակաշրջանին Երուսաղէմի մէջ ապրող Սիմէոն անունով արդար եւ աստուածավախ մարդու մը կեանքին, որ Ս. Հոգիէն խոստում ստացած էր, որ Տիրոջ օծեալը չտեսած` պիտի չմեռնի: Սրբազանը ըսաւ, որ համաձայն Աւետարանի վկայութեան, երբ մանուկ Յիսուսը տաճար բերին ութօրեայ հասակին, Ս. Հոգիէն առաջնորդուած` Սիմէոն ծերունին ալ տաճար գնաց եւ իր գիրկը առնելով մանուկ Յիսուսը գոհաբանեց զԱստուած` ըսելով, որ արտօնէ իրեն խաղաղութեամբ մեռնելու, որովհետեւ իր աչքերով տեսած էր իբրեւ յոյս աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն ղրկուած Փրկիչը: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Սիմէոն ծերունին մեր օրինակով հաւատացեալ անձնաւորութիւն մըն էր, բայց գիտէր իր հաւատքին համապատասխանող յոյսով սպասել, որ Աստուծոյ խոստումը իրականանայ:
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը կը սիրէ ազգային գոյնով եւ սովորութիւններով ներկայացնել Տեառնընդառաջը, շեշտելով, որ պէտք չէ մոռնանք, թէ այս առիթը հաստատուած է, որպէսզի մենք յիշենք, որ մարդը Աստուծոյ զաւակն է, որ աշխարհի չարին պատճառով կորսնցուցած է Աստուծոյ տանող ճամբան, եւ այդ պատճառով Յիսուս իբրեւ լոյս յայտնուեցաւ աշխարհին մէջ, որպէսզի մարդուն ճամբան լուսաւորէ եւ զայն դարձեալ վերադարձնէ իր հարազատ փառքին ու նախնական շնորհքին:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ խարոյկի աւանդութիւնը պատմական ժառանգութիւն մըն է մեզի համար, զարգացած` ազգային ճաշակով եւ ըմբռնումներով, սակայն այդ աւանդութիւնը խարսխուած է Աւետարանի ճշմարտութիւններուն վրայ եւ իր իմաստն ու արժէքը կը ստանայ բարոյական սկզբունքներու հասկացողութեամբ:
Շարունակելով իր խօսքը` ան դիտել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի առիթով եկեղեցին կը հռչակէ, թէ Աստուած իր լոյսը մարդուն ցոյց տալով իր զաւակները իրեն կը կանչէ` աւելցնելով, որ եթէ հաւատքով ընկալենք այս ճշմարտութիւնը, անպայմանօրէն Սիմէոն ծերունիին նման մենք ալ պիտի հանդիպինք մեր Տիրոջ, որ օր մը մեր կեանքը ուղղելու առաքելութեամբ երկինքէն երկիր եկաւ: Սրբազանը ըսաւ, որ Մեծ պահքի առիթով մեր եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք է աղօթքի եւ նուիրումի գերագոյն պահեր ապրինք որպէսզի կարենանք Տիրոջ տեսիլքը ունենալ եւ այդ տեսիլքով լուսաւորուիլ ու պայծառացնել մեր կեանքը:
Սրբազանը բացատրեց, որ Տեառնընդառաջ կը նշանակէ Տէրը դիմաւորելու համար մեր կեանքին մէջ հոգեւոր պատրաստութիւն տեսնել, աւելցնելով, որ Տիրոջ հետ դէմ յանդիման կանգնելու համար պէտք է մենք մեզ պատշաճ վիճակի մէջ դնենք, որպէսզի անոր ճառագայթող լոյսը պայծառացնէ մեր կեանքը: Ան ըսաւ, որ Աստուած կ՛ուզէ իր զաւակներուն հոգին լեցնել լոյսով ու գեղեցկութեամբ, եւ այդ նպատակով ալ կը վառենք խարոյկը` միշտ յիշեցնելով մեր ժողովուրդին, որ մեր արարքը կրօնական արժէք կրնայ ունենալ միայն այն ատեն, երբ ան կը ծառայէ մեր կեանքը առաքինութիւններու առաջնորդելու նպատակին:
Մեծ պահոց առիթով եկեղեցին մեզ կը յորդորէ ճիշդ ձեւով տնտեսել մեր կեանքը, այսինքն` աղօթքով, մտամփոփումի եւ կրօնական խոկումներու ու ժուժկալութեան ճամբով կառավարել մեր առօրեան, որպէսզի մեր հոգիին ձգտումները մեզ առաջնորդեն բարձրագոյն արժէքներու: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ պահքը ո՛չ ուտելիքներու ճաշացուցակ է եւ ո՛չ ալ հոգեւոր երգերու հանդէս ու ունկնդրութիւն, այլ հրաւէր է, որպէսզի մեր մարմինն ու անոր պէտքերը ճիշդ կազմակերպելով` մեր հոգին կարենանք բուժել:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդը ըսաւ, որ աշխարհի հարցերը կարենալ լուծելու եւ մեր կեանքին մէջ կուտակուող խաւարը կարենալ փարատելու համար պէտք է ունենանք լոյս, որ միայն Աստուած կրնայ շնորհել մեզի, ուստի յորդորեց հաւատացեալները` աղօթելու, որպէսզի քրիստոնէական յանձնառութեամբ մեր հաւատքը, մեր ազգային ձգտումները, մեր հին եւ նոր երազներն ու իտէալները կարենանք հաւատարմութեամբ փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն` հաւատալով, որ անոնք աւելի պայծառ խանդավառութեամբ մեր եկեղեցիներէն ու համայնական կեանքէն ներս կը շարունակեն սրբազան գործը հայ ազգի պայծառութեան համար:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը: