Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 30 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 21 յունուար 2017-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի աշակերտ Գէորգ Եագուպեան: Ան հաստատեց, որ Մհեր իր նահատակութեամբ դարձաւ նուիրումի, լուռ ու վճռակամ աշխատանքի, խոնարհութեան ու պատուախնդրութեան մնայուն եւ ամէնօրեայ ներշնչարան` աւելցնելով, որ ան հայեցի կրթութիւն ստացած, Սասուն աշխարհի ոգին ժառանգած, ազգային վարժարանի ջամբած արժէքներով հասակ առած, Դաշնակցութեան դարբնոցէն ձուլուած ու կռանուած խիզախ նուիրեալ մըն էր, որ անհատական կեանք չունեցաւ երբեք եւ իր կեանքը վերածեց ամբողջական ընծայաբերումի` պատանեկան շարքերէն մինչեւ երիտասարդութիւն եւ նահատակութիւն: Շարունակելով իր խօսքը Եագուպեան ըսաւ, որ Մհեր «Դէպի Արցախ» կարգախօսով դաստիարակած էր իր շրջապատը, ուստի ինք չէր կրնար հեռու մնալ Արցախէն: Ահազանգը հնչած էր եւ ինք հոն էր, ուր կեանք ու պայքար կայ միայն, եւ ուր զոհուեցաւ 23 օգոստոս 1993-ին, զինակից չորս ընկերներուն հետ: Ան շեշտեց, որ Մհեր ինկաւ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին ճամբուն վրայ` ի՛ր որոշումով, ի՛ր կամքով, գաղափարապաշտ դաշնակցականի իրական համոզումով: «Անժամանա՞կ էր իր մահը: Այո՛, բայց միթէ նահատակուողը կը մեռնի՞, թէ՞ կ՛անմահանայ: Շատ բան ունէ՞ր տակաւին: Վստահաբար այո՛, բայց իր բոլոր տուածներէն ու տալիքներէն վեր ան տուաւ գերագոյնը` իր կեանքը: Իր ապրած կեանքին օրինակով ու իր նահատակութեամբ արժանի դարձած կեանքով` ան ներկայ է այսօր հոս, ինչպէս ներկայ է Արցախի մէջ ու Հայաստանի», հաստատեց Գ. Եագուպեան եւ եզրափակելով իր խօսքը բոլոր աշակերտներուն անունով խոստացաւ գործել Մհերի յիշատակով, պայքարիլ անոր շունչով, արժեւորել բոլոր այն սրբութիւնները, զորս ժառանգած են, նաեւ շարունակել անոր կիսաւարտ պայքարը:
Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սեդա Մանկասարեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ հայ դպրոցը Մհերի հոգիին մէջ դրոշմած էր իր ազգային ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ ան նաեւ թրծուած էր միութենական կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ Արցախեան հերոսամարտի տագնապալի օրերուն Մհեր հաւատաց, որ յաղթանակի յոյսը կը կայանայ միայն ուժի եւ միասնութեան մէջ, եւ ան ընտրեց սրբազան նահատակութեան ուղին: Մանկասարեան յայտնեց, որ Մհերի նահատակութենէն 24 տարի ետք հայ աշակերտը, նման նախաձեռնութեամբ, հաղորդակից կ՛ըլլայ Մհերի ոգիին, ակնածանքով կը պահէ զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը եւ անոր մէջ կ՛ամրապնդուի հայրենիքին ու Արցախին ծառայելու պատրաստակամութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Վիգէն Գուճանեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` շեշտելով, որ ան կը հաւատար, թէ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ ապրի, պէտք է տէրը դառնայ հայրենի հողին եւ այդ իսկ պատճառով ինք գնաց Արցախ եւ միացաւ իր գաղափարի ընկերներուն` արձագանգելով Արցախի զանգերուն: Գուճանեան կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի դատին, պաշտպանելու հայութեան իրաւունքները եւ սուրբ հողը նման անոնց, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան պանծալի էջերը` աւելցնելով, որ պէտք է դաստիարակուինք ազգային շունչով, դէմ կանգնինք բոլոր տեսակի հողային զիջումներուն, զօրացնենք հայրենիք-սփիւռք կապերը եւ նպաստենք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման ճիգերուն: Գուճանեան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ. «Դուք պէտք է հաւատաք, որ Մհերներու կտակին ժառանգորդներն էք: Դուք պէտք է համոզուիք, որ այսօր եւ վաղը Հայ դատի պայքարին մէջ մեծ պարտականութիւններ ունիք կատարելիք: Այսօր պէտք է զինուիք գիտութեամբ, որպէսզի վաղը այդ գիտելիքներով իւրաքանչիւրդ իր մասնագիտութեան բնագաւառին մէջ բերէք ձեր գործնական եւ օգտակար աջակցութիւնը: Դուք իրաւունք չունիք յանձնուելու կամ հեռու մնալու ուղիէն մեր նահատակներու, որոնք իսկապէս կը հանգչին, երբ ամբողջական երազը կը դառնայ իրականութիւն, երբ բոլոր գրաւեալ հողերը կը միանան հայրենիքին»: Ան աւելցուց, որ թշնամին իւրաքանչիւր վայրկեանը կ՛օգտագործէ իրականացնելու հայութեան դէմ հակաքարոզչութիւնը, կերպարանափոխելու իրողութիւնները: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` ըլլալու Հայ դատի դեսպանները ամէնուրեք` ընկերային ցանցերէն մինչեւ համալսարաններ, հոն ուր կարիքը կայ եւ աշխատանք կայ, եւ ներկայ ըլլալով` մասնակից դառնալու այդ աշխատանքներուն: «Դուք հայրենիքի վաղուան զինուորներն էք: Լուսաւոր ապագայի յոյսը դո՛ւք էք: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքները, որպէսզի ազատ եւ ամբողջական հայրենիքի տեսլականը վաղը դառնայ իրականութիւն», հաստատեց Վիգէն Գուճանեան եւ եզրափակելով իր խօսքը գնահատեց Ուսումնական խորհուրդի սոյն նախաձեռնութիւնը, որ առիթ կու տայ յիշելու մեր նահատակները եւ վերանորոգելու մեր ուխտը:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ Սեդա Մանկասարեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը` առաջնութեան, երկրորդութեան եւ երրորդութեան արժանի աշակերտներուն յանձնելով բարձր գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ, նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ նուէրներ` տրամադրուած Համազգայինի գրատարածին կողմէ:
Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Ռիթա Սուլահեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան), երկրորդ` Նարօտ Գառնէշեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), երրորդ` Սէրուժ Թապաքեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան): Երկրորդականէն առաջին հանդիսացաւ Ռիթա Սարգիսեան (Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարան), երկրորդ` Մուշեղ սրկ. Գարակէօզեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երրորդ` Անժելա Սալորեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան): Նուէրներ ստացան նաեւ շարադրական մրցանքին մասնակցող բոլոր աշակերտները:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն ձեռնարկը միայն Մհերին յիշատակը չի յուշեր, այլ` կը յուշէ, որ երիտասարդութիւնը ընելիք ունի մեր կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ մենք մեծ ակնկալութիւններով կը նայինք մեր երիտասարդութեան` յուսալով, որ նախորդ սերունդներուն օրինակով անոնք ջահակիրը պիտի ըլլան մեր արժէքներուն: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ Մհեր իր կեանքին օրինակով մեզի այսօր կը յիշեցնէ, թէ հայութեան կեանքին մէջ կան նուիրական արժէքներ եւ սրբութիւններ, որոնք պէտք է պաշտպանուին եւ որոնց նկատմամբ պէտք է ըլլանք անզիջող եւ ի պահանջել հարկին այդ պաշտպանութիւնը պարտինք կատարել կեանքի գնով, ինչպէս` Մհերը: «Արեան վկայութենէն աւելի թանկագին վկայութիւն չկայ կեանքի մէջ» պատգամեց Սրբազան Հայրը` աղօթելով եւ մաղթելով, որ Մհերին յիշատակը անմար մնայ մեր իրականութեան մէջ եւ իր օրինակը շարունակողներ ըլլան: Շարունակելով իր խօսքը Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ հայրենիքը եւ հայրենի հողը նուիրական են, եւ երբ պահը հնչէ, բոլորս ալ պատրաստ պէտք է ըլլանք պաշտպանելու զայն, որովհետեւ ան մեր գոյութեան գրաւականն է` աւելցնելով, որ կան նաեւ այլ արժէքներ, որոնք մեզի համար նուիրական եւ անփոխարինելի են. այդ հասկացողութեամբ Ուսումնական խորհուրդը կը կազմակերպէ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքը, որպէսզի մեր վարժարաններու աշակերտները զգան եւ գիտակցին, որ լեզուն, մշակոյթը, յարակից սրբութիւններ, նուիրական արժէքներ եւ ազգային աւանդներ այսօր նաեւ կարիքը ունին պաշտպանութեան: «Մեր մշակոյթը սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հզօր զրահ է: Զայն պէտք է պաշտպանենք, կենդանի պահենք եւ սերունդէ սերունդ փոխանցենք», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց` սիրելու այն, ինչ որ ազգի ճամբով մեզի կը փոխանցուի իբրեւ աւանդ, զանոնք սերտելու եւ իւրացնելու, պաշտպանելու, որովհետեւ անոնցմով կախեալ է մեր կեանքը:
Գեղարուեստական բաժինով, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի աշակերտ Դրօ Միրզայեան ասմունքեց Վահագն Դաւթեանի «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» քերթուածը, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Կարօ Մուղալեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց Կոմիտասի «Ախ Մարալ ջան» երաժշտական կտորը դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ` Սիրվարդ Սապունճեանի, իսկ Մուշեղ Յովհաննէսեան` ջութակ եւ Նարէ Աղասարգիսեան` դաշնակ մեկնաբանեցին Արամ Խաչատուրեանի «Անտանթինօ»-ն եւ Ռիտինկի «Քոնսերթօ Սիմինէր» (գ. շարժում) երաժշտական կտորները: