Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-րդ Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 79-ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով անցեալի պատմութեան խաչափայտին խորհուրդը փոխանցեց եւ անդրադարձաւ Մուսա լերան  հերոսներու միասնակամ զոհաբերութեան` յանուն Մուսա լերան եւ ժողովուրդի փրկութեան:

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա Սրբազան Հայրը եւ գիւղի հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:

Շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին,  ուղղուեցաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութիւն Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի:

Այնուհետեւ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դեպի Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր, ուր պաշտօնական հիւրերը ծաղկեպսակ զետեղելով յարգեցին յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն, ապա տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա Զուարթ Քէշիշեան արտասանեց տօնակատարութեան բացման խօսքը:

Զուարթ Քէշիշեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն, ապա ըսաւ. «Մենք եկած ենք հաւաքաբար վկայելու եւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն պիտի շարունակէ ապրիլ, այլեւ իր զաւակներու աննկուն կամքին շնորհիւ` հաստատ կամքով ու ինքնավստահութեամբ պիտի կերտէ ու նուաճէ իր ամբողջական երազներու իրականացումը»: Ան աւելցուց. «Այսօր` հոս, այս խորհրդաւոր եկեղեցւոյ կից ու հերոսամարտի կերտիչներու ոգեղէն արձաններուն դիմաց պատահականօրէն չէ, որ մէկտեղուած ենք: Մենք պարզ ու սովորական հանդիպման մը կարգավիճակէն բոլորովին անկախ դրդապատճառով հոս ենք»:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները`  ներկայացնելով « Վեր կաց եղբայր իմ» երգը:

Օրուայ պատգամախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը նշեց.  «Հաւաքուած ենք այսօր նշելու Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակը եւ Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 79-ամեակը: Կը հասկնանք, որ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելը կենսական նշանակութիւն ունին ժողովուրդի ազգային նկարագիրի կերտումին մէջ, բայց եկէք ընդունինք, որ այդ մէկը ոչ մէկ ատեն կրնայ բաւարարել մեր հաւաքական պատասխանատուութեան ու գիտակցութեան ամրակայման հոլովոյթը: Այսօր Լիբանանի տարբեր շրջաններէն հաւաքուած ենք այս եզակի հայաւանին մէջ եւ բնականաբար կը հասկնանք, որ ընկերային ու ընտանեկան ջերմ միջավայր ստեղծելու առիթը առկայ է: Արդարօրէ՛ն ուրախանանք, որ տակաւին հայրենիքի թէ Հայաստանի մէջ ու տարբեր ցամաքամասերու վրայ կը նշուի հայութեան հատուածի մը այս հերոսական սխրանքը»: Պատգամախօսը շարունակեց ըսելով. «Եկէք պահ մը, մոռնալով տօնական եւ խնճոյքային մթնոլորտը, կեդրոնանանք այն խնդիրներուն վրայ, որոնց լուծման համար բոլորս ալ ունինք շատ յաճախ համահաւասար, թերեւս երբեմն ալ տարբեր հանգամանքներու բերումով պարտաւորութիւններու ու պատասխանատուութիւններու տարբեր բաժին մը, բայց բոլորս անպայմա՛ն ունինք պատասխանատուութիւն: Այնճար հայաւանի ստեղծումն ու զարգացումը միշտ ալ առաջնորդուած է իւրաքանչիւր գիւղացիի պատասխանատուութեան ամբողջական դրսեւորումով, եւ այս մտածողութիւնը իր խոր արմատները հաստատած է այս հողին վրայ.  այլապէս շատոնց արդէն այս գիւղը մատնուած պիտի ըլլար ոչ նախանձելի կացութեան»:

Ան անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին Այնճարն ու այնճարահայութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տիրող կացութեանց, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն` Հաւաթեան  ըսաւ. «Ակներեւ է, որ Լիբանանի ապրած քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամը, եւ այդ պատճառով ստեղծուած խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան քաղաքացիի առօրեային վրայ` զայն դնելով բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Անշո՛ւշտ իրերու այս կացութեան մէջ անմիջականօրէն հրաշք լուծումներ կարելի պիտի չըլլայ ակնկալել, սակայն համայնքի ազգային, քաղաքական, բարեսիրական եւ կրթական մարմիններն ու կառոյցները գիտակից են ստեղծուած կացութեան եւ ճիգերու ամբողջական լարումով կ՛անսան լիբանանահայ անհատի կարիքներուն: Բնական է, որ այս կացութեան մէջ դառնանք մտահոգ եւ ապրինք յուսաբեկման պահեր, սակայն ոչ մէկ ատեն իրաւունք ունինք դրսեւորելու պարտուողական կեցուածք ու մտածողութիւն, որովհետեւ ասկէ շատ աւելի դժուարին պայմաններուն մէջ լիբանանահայութիւնը դրսեւորած է կացութիւնները յաղթահարելու ուժ ու վճռակամութիւն եւ արժանապատիւ կերպով պահած սփիւռքի կեդրոնական գաղութի նշանակալից եւ պատմական դերակատարութիւնը»: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի կայունացումը, ժողովրդավարութեան լիիրաւ կենսագործումը, ազատ, սակայն միաժամանակ պատասխանատու եւ նաե՛ւ անկաշկանդ խօսքի ու արտայայտութեան առողջ ու հարազատ դաշտի ձեւաւորումը, անխուսափելի անհրաժեշտութիւններ են: Հայ ժողովուրդի վերջին պատմութեան երեսնամեակին արձանագրած նուաճումներու ամրակայումը, արցախեան հիմնախնդիրին նկատմամբ ցուցաբերուելիք զգաստ վերաբերմունքը, սփիւռքեան գաղութներու` աւանդական ու նոր կազմակերպուող, աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու որակական նոր դիմագիծ ու կշիռ տալու առաջադրանքը` պատասխանատուութիւնն են Հայաստանի պետութեան, այնտեղ գործող ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ հայ կեանքի ղեկավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնած սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն եւ հատուածներուն»:

Յակոբ Հաւաթեանի խօսքէն ետք հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցաւ թենոր Գէորգ Հաճեան:

Ապա հայկական պարով մը ելոյթ ունեցան Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտուհիները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ գնահատեց պատգամախօսը եւ հայրենակիցները: Ան ըսաւ, թէ միասնակամ պէտք է ըլլանք տէրը կանգնելու Այնճարին եւ անոր բոլոր կարիքներուն:

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ թենոր Գէորգ Հաճեանի:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ-զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: