Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու կը տեղեկացնենք, որ Ազգային Առաջնորդարանիս Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը պիտի շարունակէ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» ծրագիրը, որպէսզի ըստ կարելւոյն թեթեւցնէ ընկերատնտեսական դժուարին պայմաններու մատնուած Լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն վիճակը:
«Անվճար Հագուստի Աշխարհ» նախաձեռնութեան առաջինը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2020-ին, իսկ երկրորդը՝ Դեկտեմբեր 2020-ին: Հագուստեղէնի կողքին, նաեւ այլ օգտաշատ իրեր եւ դպրոցական պիտոյքներ կը տրամադրուին մեր հայրենակիցներուն եւ ցարդ, նախաձեռնութենէն օգտուած են աւելի քան 750 ընտանիքներ։
Ուստի, այսու կը դիմենք վաճառականական հաստատութիւններու տէրերուն եւ անհատ բարեարարներու, որպէսզի նոր եւ կամ լաւ պայմաններու մէջ եղող հագուստեղէն եւ այլ օգտաշատ իրեր (կօշիկ, գրենական պիտոյք, խաղալիք, ապակեղէն․․․) տրամադրելով, ընդհանուր մասնակցութեամբ ապահովենք այս օգտաշատ ծրագիրին շարունակականութիւնը:
Իրերը կրնաք ղրկել Ընկերային ծառայութեան գրասենեակ (նախկին Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարան, գ․ յարկ) եւ կամ հեռաձայնել 01-261-117 թիւին, որպէսզի ապահովենք անոնց փոխադրութիւնը։
Յոյսով ենք, որ ձեր ազնիւ մասնակցութեամբ, յառաջիկայ շաբաթներուն կը կազմակերպուի «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» 3-րդ ծրագիրը։
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ
ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ