Աւագ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս չարժանացաւ թաղումի, որովհետեւ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ Ան այդպէս արագօրէն կրնայ հրաժեշտ առնել աշխարհէն` աւելցնելով, որ այդ պատճառով Ան երկրի վրայ իր սեփական գերեզմանը չունէր, բայց իր թաղման առիթով արժանացաւ իշխանավայել պատիւի: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ ինչպէ՛ս երբ Քրիստոս խաչին վրայ իր հոգին աւանդեց, երկու հրեայ իշխանաւորներ, որոնք գաղտնաբար թէ՛ կը համակրէին, եւ թէ կ՛աշակերտէին Յիսուսի, իրարու հետ համաձայնելով կազմակերպեցին թաղման կարգ մը, այն ինչ որ կարելի էր տուեալ պայմաններու մէջ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի գերեզմանը հետագային ուխտաւորներու հաւատքով եւ աղօթքով վերածուեցաւ ուխտավայրի: «Ուխտատեղիները պատահականօրէն ու դիպուածով չեն շինուիր: Անոր կեանքին շունչ տուողը Աստուծոյ զօրութիւնն է ու ժողովուրդին հաւատքը: Անկասկած Աստուած է հրաշագործողը, որ իր փառաբանութեան համար յատկացուած սրբավայրերը կը վերածէ մեր կեանքէն ներս նորոգութեան պայմաններ ստեղծող կայաններու: Եւ վստահաբար բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան գիտեն, թէ Աստուծոյ հետ հանդիպումը եւ անոր զօրութիւնը նոյնիսկ դիակներն ալ կրնայ վերակազդուրել եւ կեանքին վերադարձնել», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ անկասկած այդ հաւատքն է, որ մեզ կը հաւաքէ այս սրբարանին մէջ, որպէսզի մեր հոգիին նայուածքը ուղղելով դէպի Քրիստոսի գերեզմանը, մեր կեանքին համար մենք ալ ոգեւորուինք եւ մեր մասնակցութեամբ նաեւ ոգեւորենք մեր եկեղեցին: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ մենք մեր հաւատքով, մեր նուիրումով, ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին բերած մեր սեփական մասնակցութեամբ, պէտք չէ առիթ տանք, որ ներկայ քաոսային պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդը կորսնցնէ իր հոգիին անդորրը եւ մահուան երկիւղը պատէ մեր հաւաքական կեանքը: Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ պայմաններու բերումով մենք կրնանք տկարանալ եւ ճամբէն շեղիլ, սակայն պէտք է զգուշ ըլլանք, որպէսզի չկորսուին մեր պաշտած սրբութիւնները եւ մեր ժողովուրդին իւրայատուկ արժէքները չմոռցուին: Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ ներկայիս մեր ընկերութեան մէջ բաւական շեղումներ կան, եւ ոմանք հեռացած են աւանդութիւններէն` կորսնցնելով ազգին իղձերը, սակայն կայ տակաւին մեր հաւատաւոր եւ աւանդապահ ժողովուրդը, կան հաւատքով ու ծառայութեամբ պատնէշի վրայ մնացողներ, որոնք` մեր եկեղեցին ուխտավայրի վերածած, զայն կը պաշտպանեն եւ վճռակամութեամբ ալ իրենց աշխատանքով ու ծառայութեամբ կը պահեն մեր ազգային կեանքը:
Յետ եկեղեցական արարողութեան կազմուեցաւ թափօրը, որ, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, գլխաւորութեամբ Սրբազան Հօր, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու ժողովուրդին շրջեցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ: