Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ Բացումը Կատարեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Համակարգիչի Սրահին, Ե-Գրադարանին Եւ Արդիական Սարքերուն

Հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ,  նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, որպէսզի բացումը կատարէ հաստատութեան կողմէ վարժարանին տրամադրուած «Ինթըր-էքթիւ պորտ»-երու, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին: Լէյլա Սոլհ – Համատէն դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի անձնակազմը եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները: Վարժարանի մուտքին Լէյլա Սոլհ-Համատէ դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով: Այնուհետեւ կատարեց ցուցատախտակի քողազերծումը, որմէ ետք ան շրջեցաւ դպրոցին մէջ` ականատես դառնալով հաստատութեան տրամադրած «Ինթըր-էքթիւ պորտ»-երուն, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին:

Ապա ներկաները ուղղուեցան վարժարանի սրահը, ուր Լիբանանի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմեքճեան: «Կը բանանք Ազգային միացեալ վարժարանի դռները` դիմաւորելու համար նոր տարեշրջան մը` լեցուն մարտահրաւէրներով եւ բեղուն գործունէութիւններով», ըսաւ Էքմեքճեան` աւելցնելով, որ Ազգային միացեալ վարժարանը միայն դպրոց չէ, այլ` կրթական արդիական հաստատութիւն մըն է, որ կարող է ընկերակցիլ մեր յառաջիկայ սերունդներուն` իրենց կեանքի զանազան մարզերուն մէջ, ինչպէս` կրօնական, կրթական, արհեստագիտական, զինուած հաւատքի ոգիով, ընկալած բոլոր նորութիւնները, որոնք կը նպաստեն լաւ սերունդի մը կազմաւորման: Էքմեքճեան կարեւոր նկատեց Լիբանանի վարժարաններուն մէջ տարիներու ընթացքին «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը սերունդներու կրթութեան եւ զարգացման հոլովոյթին մէջ` աւելցնելով, որ հաստատութեան ունեցած ներդրումին շնորհիւ Ազգային միացեալ վարժարանը եւս օժտուեցաւ արդիական սարքերով:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գ. Էքմեքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց  «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան` Ազգային միացեալ վարժարանին նկատմամբ իր ունեցած օգտաշատ ներդրումին համար: Իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանը, որոնք յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Լէյլա Սոլհ-Համատէին:

Լէյլա Սոլհ-Համատէ խօսք առնելով նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումին համար եւ շնորհաւորեց ներկաները նման կառոյց մը ունենալու իրենց երազին իրականացման առիթով: Ան նկատել տուաւ, որ նոր սերունդը հրաւիրուած է ստանձնելու հայրենիքի ճակատագիրը` փայլուն ապագայի հեռանկարով: Անդրադառնալով հայութեան, որ Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած է Լիբանանի մէջ, Լէյլա Սոլհ-Համատէ հաստատեց, որ հայերը միացան լիբանանցիներուն եւ իրենց հաւատարմութեամբ դրական դերակատարութիւն ունեցան երկրի քաղաքական, մշակութային եւ կրթական կեանքին մէջ: «Առարկելի չէ, որ հայութիւնը հիմնական ուժը կը ներկայացնէ Լիբանանի ճարտարարուեստի զարգացման հոլովոյթին մէջ», շեշտեց Լէյլա Սոլհ-Համատէ` աւելցնելով, որ հայութիւնը յատկանշուած է յարատեւելու ու գոյատեւելու իր աշխատանքով եւ  կամքով: «Մենք ձեզմէ սորվեցանք միասնակամութիւն` գոյատեւելու եւ յաղթահարելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւնները», ըսաւ ան եւ եզրափակելով իր խօսքը յայտնեց, որ «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութիւնը պատիւը ունեցած է տարիներու ընթացքին գործակցելու Ազգային վարժարաններուն հետ: