Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ընդունեց Վեց Քահանայացուները

Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդունեց Լիբանանի թեմի վեց քահանայացուները` Յովիկ սրկ. Ալթունեան, Աւետիս սրկ. Ասայեան, Վրէժ սրկ. Կրպոյեան, Ասատուր սրկ. Եղիայեան, Ֆիլիփ կիս. սրկ. Ժինեան եւ Հրակ կիս. սրկ. Գալաճեան: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Սրբազան Հայրը նախ որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ Անթիլիասի քահանաներու պատրաստութեան դասընթացքին ճամբով մեր քահանայացուները կը կազմաւորուին իրենց ապագայի անձնդիր ծառայութիւնը հաւատքով եւ գիտակցութեամբ ստանձնելու: Ապա, ան իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց քահանայացուներուն` պարզելով անոնց հովուական առաքելութեան եզակիութիւնը հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ: