Հինգշաբթի առաւօտուն, 2 մայիս 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ այս առթիւ սրբազան հօր նուիրեց «Յիսուս եւ տասներկու առաքեալները» գեղանկարը:
Գրիգոր Ակոբեանը կը բնակի Մոնրէալի եւ Պէյրութի մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ, Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, ան ցուցահանդէս մը պիտի տայ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ: