Հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ:
Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ նմանօրինակ հանդիպումներու ճամբով կը հաստատուի փոխադարձ մտերմութիւն եւ գործակցութիւն ու լուսարձակի տակ կ՛առնուի մեր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւնը: Նարեկ Արքեպիսկոպոս մեծապէս գնահատեց հոգեւորականներու ծնողներուն իրենց ամէնէն թանկագինը` զաւակը ազգին նուիրելու պատրաստակամութիւնը:
«Դուք ձեր զաւակներէն չզրկուեցաք, այլ ընդհակառակն` առաւել հարստացաք զանոնք մեր մեծ ընտանիքին` հայ եկեղեցւոյ նուիրելով: Մենք` հոգեւորականներս, դպրեվանքին մէջ ապրեցանք եղբայրութեան քաղցրութիւնը եւ կազմաւորուելէ ետք, Աստուծոյ ծառայութեան ուղիին վրայ առաւե՛լ հարազատութեամբ մեր ժողովուրդը ճանչցանք ու սիրեցինք», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հայրերու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն միջեւ մտերմիկ զրոյցը շարունակուեցաւ Մեծ պահքի ուտելիքներու հիւրասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ յուշերու եւ տպաւորութիւններու պատումով ու հաւաքական երգեցողութեամբ:
Նարեկ Արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ նմանօրինակ հանդիպումներ պարբերական դրութեամբ յառաջիկային եւս պիտի կազմակերպուին, որովհետեւ ասոնք առիթներ են փոխադարձ ծանօթացման եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ստեղծման: