Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելեց «Գարակէօզեան»-ի Եւ «Ճինիշեան»-ի Կեդրոնները

Ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, այցելեց «Գարակէօզեան» հաստատութիւն` ծանօթանալու հաստատութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամները: Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս շրջագայեցաւ հաստատութեան մանկաբուժարանի, պատուաստներու, ընտանեկան բժշկութեան եւ դեղարանի բաժանմունքները` ծանօթանալով բաժանմունքներու աշխատանքներուն, բժիշկներուն եւ անձնակազմին: Առաջնորդ Սրբազանը մեծապէս գնահատեց հաստատութեան ծառայողական աշխատանքը, որ կը նպաստէ ընկերութեան անդամներու բազմատեսակ դժուարութիւններու յաղթահարման:

Ապա Առաջնորդ Սրբազանը մեկնեցաւ «Ճինիշեան»-ի կեդրոն, ուր աղով ու հացով աւանդական ընդունելութենէ ետք, դիմաւորուեցաւ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեանի եւ հաստատութեան պատասխանատուներուն ու անձնակազմին կողմէ: Կառոյցին մէջ շրջագայելէ ետք, Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս հաստատեց, որ գաղութի բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական հաստատութիւններուն դերը էական է, եւ աշխատակիցներուն ներդրումը` նուիրական: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը յոյս յայտնեց, որ «Ճինիշեան»-ը միեւնոյն ոգիով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

«Գարակէօզեան»-ի եւ «Ճինիշեան»-ի կեդրոններուն մէջ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս մաղթեց, որ նշեալ կառոյցներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին միջեւ գործակցութիւնը յառաջիկային յաւելեալ թափով եւ նոր ծրագիրներով շարունակուի: