Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ սուրբ պատարագ մատուցեց նորօծ Խորէն քհնյ. Մելքոնեան:
Տէր Խորէն իր քարոզին սկիզբը երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի թեմին նախկին առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, որոնք հայրական խնամքով եւ աղօթքով նեցուկ կանգնեցան, որպէսզի ինք ստանայ քահանայական կարգը: Ան հաստատեց, որ եկեղեցին քարաշէն կառոյց չէ, այլ` համախմբումն է հաւատացեալներու, որոնք միասնաբար կ՛աղօթեն եւ կը ծառայեն մարդկութեան:
Նորօծ քահանայ հայրը ըսաւ, որ «Աստուծոյ խօսքը նախ մե՛նք պէտք է պահենք մեր կեանքով, եւ ապա փոխանցենք ուրիշին, որպէսզի մեր նմանը ինքն ալ իր կարգին քարոզէ զայն: Պէտք է տարածենք Քրիստոսի պատգամը` լուսաւորելու համար մարդոց միտքը եւ հոգին»: Ան աւելցուց, որ այս քարոզը կը մարմնաւորուի կենդանի օրինակով, այլապէս` կը կորսնցնէ իր արժէքը: