Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին հրաւէրով, երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպում:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիսթին Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը առաւել եւս դժուարութիւնները բարդացուց, սակայն լիբանանահայութիւնը այսօր ալ պիտի վերականգնի եւ յաղթահարէ տագնապները:
Ապա խօսք առաւ նորահաստատ «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այսօր Լիբանանի համայնքը իր ամբողջ կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ մարմինը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ճշդած առաջնահերթութեանց կարգով, այս փուլին նախապատուութիւն պիտի տայ բնակարաններու ու համայնքային վնասները արժեւորելու եւ նորոգութիւններ իրականացնելու աշխատանքներուն: Զուգահեռաբար, ուշադրութեան պիտի արժանանան նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ յայտնուած առողջապահական կարիքները ու կրթական ոլորտը: Այս առիթով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ մարմինը այսօր գումարելով իր անդրանիկ նիստը, անմիջապէս անցած է աշխատանքի, եւ արդէն իսկ յառաջիկայ ժամերուն պիտի ունենայ իր գրասենեակը եւ հարկ եղած կապի միջոցները:
Այնուհետեւ, ներկաները քննարկեցին այս կացութիւններուն մէջ ընկերային ծառայողներու դերակատարութիւնը եւ աշխատանքներու մասնակցութեան կարելի միջոցները: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու ծառայողական հաստատութիւններու գործունէութեանց:
Աւարտին, Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ Պէյրութի պայթումը մեր իրականութեան մէջ ստեղծեց նոր կացութիւն եւ տագնապներուն վրայ աւելցուց յաւելեալ խնդիրներ, զորս դիմագրաւելու համար կարիքը ունինք մեր ընկերային ծառայողներու աջակցութեան: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի 3000 ընտանիքներու ուտեստեղէնի կտրօններու ցրուումի նախապատրաստական աշխատանքները իրենց աւարտին հասած են, եւ գալիք օրերուն շրջան առ շրջան ընթացք կ՛առնէ կտրօններու ցրուումը: Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ըսաւ, որ լիբանանահայութեան վերականգնումը հիմնահարց է ամբողջ հայութեան համար, որուն իրականացման ի խնդիր» պարտինք ըլլալ կազմակերպ եւ ծառայողական ոգիով ու միացեալ կամքով լծուիլ աշխատանքի, որպէսզի յաղաթահարենք մեր ժողովուրդին դիմաց գտնուող անհամեմատօրէն բարդ ու դժուարին խնդիրներ: