Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւնը` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի 14 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ոտնլուայի արարողութեան հոգեպարար այս մթնոլորտին մէջ վերաքաղի կ՛ենթարկենք Աւետարանով մեզի փոխանցուած վերջին ընթրիքի մասին այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք վստահաբար աշխարհին մէջ քրիստոնէական մեր կեանքին համար ցուցանիշներ կը պարունակեն իրենց մէջ: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, թէ երբ Քրիստոս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, հարց տուաւ իրենց. «Դուք գիտէ՞ք ինչ ըրի այսօր: Ձեզի նոր պատուիրան մը տուի: Այնպէս ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ զիրար սիրեցէք, ինչպէս ես ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ իրարու ոտքերը լուացէք, այլ խօսքով` ինչպէս որ ես ձեզ ծառայեցի, դուք ալ իրարու ծառայեցէք»:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր մեր եկեղեցիներուն մէջ այս մտածումները կ՛արձագանգեն, որպէսզի իւրաքանչիւրս մեր խիղճին մէջ անդրադառնանք, թէ որքա՛ն հեռու ենք Տիրոջ պատուիրաններէն, եւ հարց տանք, թէ արդեօ՞ք մենք գիտե՞նք, թէ ի՞նչ ըրաւ մեր տէրը մեզի համար: Արդեօք մենք իր խոնարհութեան տիպարէն օրինակ առինք: Արդեօք մարդասիրութեան ծառայութեան համար իր կատարած թելադրութիւնը տեղ գտա՞ւ մեր սրտերուն մէջ եւ կամ կը կարծե՞նք, թէ Քրիստոսի խօսքերը միայն կը պատկանին եւ կը վերաբերին իր աշակերտներուն, առաքեալներուն, որոնք սեղանակից էին իրեն: Ո՞ւր ենք մենք ընդհանուր այդ տեսարանին մէջ, որովհետեւ թէեւ մեր Տէրը մարմնապէս մէկ անգամ յայտնուեցաւ աշխարհի մէջ, սակայն կը շարունակէ ապրիլ մեզի, հետ, քալել մեզի հետ, տագնապիլ մեզի հետ, այս աշխարհի դժուարութիւնները դիմագրաւել մեզի հետ, որպէսզի մեզ առաջնորդէ անշեղ ճամբաներէ տանելու համար իր աստուածային փառքին, բայց հոն կարենալ հասնելու համար նախ պէտք է հասկնանք, թէ ի՞նչ ըրաւ մեզի համար մեր Տէրը աշխարհ գալով, որքա՞ն բան զոհեց, ինքզինք զոհագործեց, որքա՞ն սիրեց մարդը, որպէսզի անոր փրկութեան համար նաեւ կարենար իր կեանքը խաչի մահով կնքել եւ արդեօք այս բոլորը մեր կեանքին վրայ կ՛ազդե՞ն կամ կը շարունակե՞նք մեր կեանքին ընթացքը այնպէս, ինչպէս որ մեր ընկերութիւնը կը թելադրէ եւ մեր ընկերութիւնը կ՛ազդէ մեր վրան:

«Սիրելի՛ հաւատացեալներ, տեղ մը, բանով մը մենք պէտք է տարբերինք աշխարհէն, եւ ինչո՞վ մենք կրնանք Քրիստոսի աշակերտը նկատուիլ եթէ չենք կրնար զիրար սիրել, զիրար պաշտպանել, օգնութեան հասնիլ իրարու, կեանքին մէջ իրար բարձրացնել եւ այդ ձեւով վտանգը հեռացնել մեզմէ ու քալել այն ճամբայէն, որուն ցուցանիշը եղաւ Քրիստոս», հաստատեց Սրբազանը` յորդորելով տարեց սերունդի զաւակները իրենց ապրելակերպին ընդմէջէն ճանչցնել մեր Տէրը նոր սերունդին, որպէսզի իրենք եւս լսելով Աւետարանի ճշմարտութիւնները իրենց կեանքի ընթացքը  զետեղեն ճշմարիտ եւ անսայթաք ուղիներու վրայ:

Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին, Աւագ շաբթուան օրերուն ընթացքին վերատեսութեան ենթարկելու իրար հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւնները: «Դժուար ժամանակներէ կ՛անցնինք, եւ կարծէք ամէն մարդ ինքզինք պաշտպանելով մոռցած է իր եղբայրը, իր դրացին, իր ծնողքը: Այսօր մեր Տէրը հակառակը կը պատգամէ մեզի: Ան կ՛ըսէ` զիրար սիրեցէ՛ք, զիրար պաշտպանեցէ՛ք, իրարու ծառայեցէ՛ք եւ այդ ձեւով եղէք Քրիստոսի համայնքին անդամները, որոնք իրենց յոյսը կապած են Աստուծոյ, եւ այն ատեն երեւելի պիտի ըլլաք աշխարհի աչքին, եւ ամէն մարդ պիտի ճանչնայ, թէ դուք Քրիստոսի հետեւորդներն ու աշակերտներն էք», եզրափակեց Սրբազան Հայրը: