Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, հինգշաբթի 18 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Աւագ հինգշաբթին Աւագ շաբթուան եկեղեցականօրէն ամէնէն լեցուն ու ամէնէն իմաստալից օրն է եւ Ոտնլուան մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար այն օրհնեալ պահն է, երբ սուրբ խորանին վրայ մեր զաւակներէն 12 անձեր կը ներկայացնեն Քրիստոսի 12 առաքեալները եւ արժանի կը դառնան ջուրով լուացուելու ու իւղով սրբուելու: «Ոտնլուան մաքրութեան, խոնարհութեան եւ մանաւանդ սիրոյ արարողութիւնն է», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Աստուած իր գերագոյն սէրը արտայայտեց, երբ ստեղծեց տիեզերքը եւ այդ տիեզերքին իմաստ տուող մարդը, իսկ երբ տեսաւ, թէ մարդիկ մեղքի մէջ են, անգամ մը եւս իր գերագոյն սէրը արտայայտեց իր միածին Որդին` Քրիստոսը աշխարհ ղրկելով` մեր մեղքերուն քաւութեան համար:
Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Քրիստոս այս աշխարհի վրայ եկաւ, քարոզեց, շրջեցաւ, բժշկութիւններ կատարեց, հրաշագործեց եւ այսօր Երուսաղէմի վերնատան մէջ վերջին ընթրիքին Ս. հաղորդութեան պահը հաստատելէ ետք, ինք խոնարհեցաւ իր առաքեալներուն դիմաց եւ անոնց ոտքերը լուաց ու յանձնարարեց, որ նոյնը կատարեն իրարու:
«Մենք այդ խոնարհութենէն կաթիլ մը ունենալով մեր մէջ կատարեցինք Քրիստոսի պատուիրանը եւ ոտքերու լուացումով մենք այսօր կու գանք ըսելու, թէ երբ Քրիստոս ներկայ է մեր կեանքին մէջ, մեր ոտքերուն ընթացքը չի շեղիր, այլ` կը քալէ ուղիղ եւ մաքուր ճամբէն», շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս բացատրելով, որ Ոտնլուան միայն ոտքերը լուալու յիշատակ մը չէ, այլ նաեւ խորապէս անդրադառնալու առիթ, թէ ամէն անգամ, երբ եկեղեցւոյ մէջ մենք կը մասնակցինք եկեղեցական արարողութեան մը, երբ եկեղեցւոյ մէջ մենք կը ստանանք Ս. հոգւոյն շնորհը, երբ եկեղեցւոյ մէջ խորհուրդի մը ճամբով մենք կը բացուինք աստուածային ճշմարտութիւններուն, մեր կեանքը կը վերանորոգուի, մեր հայ քրիստոնէական ուխտը կը վերահաստատուի եւ մենք նոր կեանք, նոր ընթացք, նոր նպատակ կը հետապնդենք` հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին, որն է սրբուած, մաքրուած, թողութեան արժանացած, մեղքերը թօթափած կանգնիլ Աստուծոյ դիմաց եւ խնդրել, որ ընդունի մեզ երկինքի թագաւորութեան մէջ:
Անդրադառնալով քարոզի բնաբանին, թէ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ` «Դուք մաքուր էք, բայց ոչ բոլորդ», Սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք 11 առաքեալներուն նման մաքու՞ր ենք, թէ՞ 12 առաքեալներէն շեղած, առանձնացած եւ մոլորած Յուդա Իսկարիովտացիի նման աղտոտ ենք` բացատրելով, որ այս հարցումին պատասխանը իւրաքանչիւր անձ ինք պիտի տայ իր հոգիին մէջ ու իր խիղճին դիմաց եւ մանաւանդ Աստուծոյ ամենատես նայուածքին դիմաց:
«Ոտնլուան յիշեցում մըն է մեր բոլորին համար, թէ մենք այս հայ քրիստոնէական մաքրութիւնը կը ստանանք հայ եկեղեցւոյ մէջ, եւ եթէ կ՛ուզենք, որ մեր զաւակները ո՛չ միայն տարին մէկ անգամ Ոտնլուայի առիթով խորան բարձրանան, այլ նաեւ իրենց ամբողջ կեանքը նուիրեն մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր հայրենիքին, մենք պէտք է ամէն օր մեր ծնողական պարտականութիւնը կատարենք` յիշեցնելով, որ այս աղտոտ աշխարհին մէջ, այս մեղաւոր մարդկութեան մէջ մենք հրաւիրուած ենք մաքուր ապրելու եւ քրիստոնէական մաքրութիւնը հայօրէն թարգմանելու մեր առօրեայ կեանքով», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով, որ այս է Ոտնլուայի պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ բոլորիս հաւաքաբար, ու մանաւանդ մեր ծնողներուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ Ոտնլուան փուլ մըն է մեր հայ քրիստոնէական հաւատքի ուխտագնացութեան մէջ: Այդ փուլին հասնելէ ետք, Քրիստոսով մաքրուելէ ետք, անգամ մը եւս Ս. հոգւոյն այցելութիւնը ընդունելէ ետք, այլեւս մենք պէտք է նոր արարած դառնանք, իսկապէս ըլլանք Քրիստոսի առաքեալը եւ Քրիստոսի ներողամտութեան, արդարութեան, խաղաղութեան ու մանաւանդ սիրոյ առաքելութիւնը պէտք է տանինք մեր ամէնօրեայ կեանքին, մեր ընտանեկան յարկերուն, մեր ընկերութեան եւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, որպէսզի առանց կասկածելու եւ տատամսելու, թէ ո՛ւր կը գտնուինք, գործով ցոյց տանք, թէ մենք Քրիստոսի մաքուր եւ ճշմարիտ առաքեալներէն մէկն ենք եւ այդպէս կ՛ապրինք մեր առօրեայ կեանքը: